Կարդինալ Քրայեւսքի կը ստորագրէ աղքատներու համար բժշկական ծառայութեան անվճար նոր համաձայնագիրը Կարդինալ Քրայեւսքի կը ստորագրէ աղքատներու համար բժշկական ծառայութեան անվճար նոր համաձայնագիրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղքատներուն համար անվճար ատամնաբուժական օգնութիւն

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գնտուող Ֆրանչիսկոս Պապին աղքատներուն համար նոր բժշկական անվճար ծառայութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան, ՈւնիՔամիլլուս համալսարանի եւ Հռոմի Madonna della Fiducia բուժարանի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը՝ անվճար ատամնաբուժական խնամք տանելու համար անօթեւաններուն, որոնք արդեն տարբեր հիւանդութիւններուն համար կը բուժուին “Madre di Misericordia”.բուժարանէն ներս։ Սոյն ծառայութիւնը սկիզբ պիտի առնէ Սեպտեմբեր ամիսը։

Սուրբ Աթոռի բարեգործական ծառայութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին անդրադառնալով այն նոր համաձայնութեան նշեց, թէ ինք յոյժ ուրախ եւ երախտագէտ է այս նոր մարդասիրական ծառայութեան համար, որովհետեւ ինք լաւապէս կը ճանչնայ սուրբ Պետրոսի տաճարի սիւնաշարերու շուրջ գտնուող աղքատներուն, անօթեւաններուն բժշկական խնամքի կարիքները, անձեր որոնք արդեն կը խնամուին Madre di Misericordia” բուժարանին մէջ, որ ծնած է 2015ին, Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով եւ ուր աւելի քան 60 բժիշկներու, հիւանդապահներու եւ կամաւորներու շնորհիւ անվճար խնամք կը ստանան աղքատները։

Համագործակցութիւն յանուն եղբայրիրութեան

Կարդինալ Քոնրատ Քրայւեսքիին տեղեկացուց նաեւ, որ ատամնաբուժական կարիքը ունեցող աղքատներուն նախապէս պիտի այցելեն բժիշկները, ապա պիտի փոխադրուին Հռոմի Madonna della Fiducia բուժարանը խնամուելու համար։

Սեպտեմբեր ամիս մեկնարկող ծառայութիւնը կ՝աւելնայ անօթեւաններուն համար տարբեր բարեգործական աշխատանքներուն վրայ, ինչպէս լոգանքի, նախընթրիկի եւ ճաշի ծառայութիւնները։ 

Աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ«Մի՛ շեղէք ձեր աչքերը աղքատներէն» խորագիրով պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է աւետարանի իրականութեամբ համապատասխանելու շօշափելի կարիքներուն, որոնց շտապ պահանջը ունին աղքատները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2023, 13:53