FILES-EUROPE-MIGRATION-FRONTEX

Եւրոպան միացած թող ըլլայ Միջերկրականի մարտահրաւէրներուն դիմաց. Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կը մեկնաբանէ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակման առիթով։ «Եւրոպական բոլոր երկիրները պէտք է միասին պատասխանատուութիւն ստանձնեն Միջերկրական ծովին մէջ տիրող իրավիճակին համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Վատիկան Նիուզի խմբագրութիւնները համակարգող` Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Պապին 22 ե 23 սեպտեմբերին «Rencontres Méditerranéennes» փառատօնի եզրափակման առիթով Մարսիլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան նախօրէին, անդրադարձաւ այդ ճամբորդութեան իմաստի մասին, ընդգծելով, որ բոլոր եւրոպական երկիրները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը ի տես միջերկրականի իրավիճակին, հեռու մնալով կարգախօսներէ եւ հակադրութիւններէ եւ իրենց առջեւ ունենալով աւելի դէմքերը քան թիւերը հարցի մը, որ ողբերգական ու խնդրայարոյց է։

«Միջերկրականի հանդիպումները կը խթանեն միութիւնը

Ի՞նչ պիտի տանի Քահանայապետը իր հետ «Միջերկրականի հանդիպումներ» հաւաքին, որուն կը մասնակցին միջերկրականի երեսուն երկիրներէն եպիսկոպոսներ, քաղաքապետներ ու երիտասարդներ հարցումին պատասխանելով Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց` որ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ այս հրաւէրը այնտեղ տեսնելով թանկարժէք առիթ` կիսելու եւ կառուցելու հասարակաց բարիքը։

Միջերկրականի հանդիպումները, որ իւրայատուկ կերպով կը համախմբեն տարբեր տարածքներ, ժողովուրդներ, պատմութիւններ ու կրօններ կը խթանեն միութիւնը` միասնաբար դիմագրաւելու համար միասնական մարտահրաւէրները, որոնք վճռական են ապագային համար որ, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը, «կարող է ըլլալ կամ միասին կամ գոյութիւն չունի»։

Քահանայապետը Մարսիլիոյ մէջ կ՛ուզէ վկայ դառնալ այդ միասնութեան հոգիին եւ ներկայիս Միջերկրականի շուրջ բանավէճերը կապուած են գաղթականութեան հարցին, ուր դժուարութիւններէն անդին ի յայտ կու գայ նաեւ հարկաւորութիւնը հարցը դիմագրաւելու հեռատես տեսութեամբ եւ ոչ որպէս անմիջական տագնապի մը լուծում։

Կառուցել հիւրընկալութիւն, երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն

Թէ ի՞նչպէս կարելի է կառուցել հիւրընկալութիւնը, երկխօսութիւնն ու խաղաղութիւնը հարցումին Կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց, որ հարկ է սկսիլ հաւատալով երկխօսութեան ուժին, որ անձնական համոզումները հաստատելու գործիք մը չէ, այլ բաց ճանապարհ` գտնելու համար կիսուած լուծումներ։

«Երբ մտածենք գաղթականներու ողբերգութեան հարկ է մեկնիլ մարդկային արժանապատուութենէն» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը այս ուղղութեամբ ընդգծելով «միասնական քայլերու» անհրաժեշտութիւնը։

Ան ապա մատնանշեց գաղթականութիւնը դրդող պատճառներուն` պատերազմ, աղքատութիւն, բռնութիւն, որոնց ի տես հարկ է, որ իւրաքանչիւր երկիր ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, այն որոշումներուն համար, որոնք ի գործ կը դրուին այսօր, որովհետեւ «տագնապները պատահական բաներ չեն, այլ հետեւանքը անձնական ու հաւաքական ընտրութիւններու» յարեց Ծիրանաւորը։

Երկխօսութեան կարեւորութիւնը

Այս ուղղութեամբ Ան շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ ներդրումներու ու ծրագիրներու իրականացումը` կառուցելու համար սիրոյ մշակոյթ մը ու եղբայրական ընկերութիւն մը, ուր ստիպուած չ՛ըլլանք փախչելու այլ ապրելու խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ կերպով։

Կարդինալ Փարոլին ակնարկեց հուսկ վերջին օրերուն Իտալիոյ Լամփետուզա կղզի ժամանած բազմահազար գաղթականներու հարցին, ընդգծելով, որ «Յիսուս ներկայ է մեր բարեսիրական արարքներուն մէջ» ու թէ «պէտք չէ երբեք միայնակ թողուլ անոնք` որոնք հոգ կը տանին գաղթականներուն ու փախստականներուն» ու թէ անոնք «կարիքը ունին ազգային ու միջազգային զօրակցութեան»։

Միասնական պատասխանատուութիւնն ու յոսը

«Եւրոպական բոլոր երկիրները պէտք է միասին պատասխանատուութիւն ստանձնեն Միջերկրական ծովին մէջ տիրող իրավիճակին համար» հաստատեց ապա Սուրբ Աթոռի թիւ մէկ ներկայացուցիչը մատնանշելով` անվտանգ գաղթականութեան ձեւերուն, որոնք արդեն կը գործեն արդիւնաւէտ կերպով ու հրաւէր ուղղելով մէկդի թողելու հռետորաբանութիւնը ու որդեգրելու արդիւնաւէտ քաղաքականութիւններ։

Թէ ի՞նչ սպասում կայ Մարսիլիայի հաւաքէն հարցումին, Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց փառատօնի խորագիրին` «յոյսի խճանկար», որմէ մեկնելով նշեց, թէ «պէտք է վերակենդանացնել յոյսը ու այդ մէկը ընել միասին, Համագործակցութեամբ ու բարի կամքով»։

«Մարսիլիոյ հանդիպումը եկեղեցական և քաղաքացիական առաջնորդներու համատեղ աշխատանքի միջոցաւ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ շօշափելի ու գործնական կերպով յառաջ մղելու յոյսը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2023, 08:00