2023.09.07 Logo Together - Raduno del Popolo di Dio

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիկոպոսներու սիւնհոդոսի նախօրէին աղօթքի հսկում ապա հոգեւոր կրթութիւն

Քոյր Նաթալին նշեց նաեւ թէ համամիութենական աղօթքի հսկումին նպատակն է շեշտը դնել «Աստուծոյ Ժողովուրդին երկու հիմնական երեւոյթներուն վրայ. Աղօթքին կեդրոնականութիւնը եւ միւսներուն հետ երկխօսելու կարեւորութիւնը` միասին յառաջանալու համար Քրիստոսի մէջ եղբայրութեան եւ միութեան ճանապարհին վրայ, նաեւ ընդգծելու համար խաղաղութեան հարկաւորութիւնը այս մեր շատ մը բաժանումներէ յօշոտուած աշխարհին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 սեպտեմբեր 2023-ի ժամը 13.00ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Պիոս Ժ-ի անուան սրահին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին

ներկայացուեցաւ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ տեղի ունեցող սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի նախօրէին` շաբաթ 30 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ կայանալիք համամիութենական աղօթքի հսկումի «Together» ձեռնարկը, որուն առիթով ներկայացուեցան նաեւ «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի սպաս. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» խորագիրով Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր 16րդ հաւաքի մասին մանրամասնութիւններ։

Ելոյթ ունեցան Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի` Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ԺԶ սովորական ընդհանուր ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահը եւ Քոյր Նաթալի Պեքարը` Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան ենթաքարտուղարը` ինչպէս նաեւ Թեզէի Հասարակութենէն եղբ. Մաթիուն։

Համամիութենական աղօթքի հսկումի գաղափարը 

«Սիւնհոդոսէն առաջ Համամիութենական աղօթքի հսկում մը կազմակերպելը երազը եղած է Թեզէյի Աբբահայր` Եղբայր Ալոյիսին ու Թէզէյի հասարակութեան այս առաջարկը քննարկելէ ետքը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը համաձայնութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան, որոշեցին այդ համամիութենական աղօթքը կազմակերպել Սիւնհոդոսի նախօրէին, ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց անձամբ նախագահել Աստուծոյ ժողովուրդին այդ համախմբումին» յայտնեց քոյր Նաթալի Պեքարը բացատրելով ձեռնարկին յղացումի գաղափարը ու մանրամասնելով թէ անոր պիտի յաջորդէ Սիւնհոդոսի մասնակցողներուն երեք օրուայ Հոգեւոր Կրթութիւնը, Հռոմի մօտակայքը գտնուող Սաքրոֆանոյի «Fraterna Domus» կեդրոնին մէջ, որուն աւարտին` չորեքշաբթի 4 հոկտեմբերին. նախատեսուած է Սիւնհոդոսի բացման պատարագը։

Աղօթքին կեդրոնականութիւնը եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը

Քոյր Նաթալին նշեց նաեւ թէ համամիութենական աղօթքի հսկումին նպատակն է շեշտը դնել «Աստուծոյ Ժողովուրդին երկու հիմնական երեւոյթներուն վրայ. Աղօթքին կեդրոնականութիւնը եւ միւսներուն հետ երկխօսելու կարեւորութիւնը` միասին յառաջանալու համար Քրիստոսի մէջ եղբայրութեան եւ միութեան ճանապարհին վրայ, նաեւ ընդգծելու համար խաղաղութեան հարկաւորութիւնը այս մեր շատ մը բաժանումներէ յօշոտուած աշխարհին մէջ»։

Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը 

Աղօթքի Համամիութենական հսկումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ` որոնց շարքին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա, Երուսաղէմի Պատրիարք Թէոֆիլօ Գ եւ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարք Թէոդորոս Բ։ Մասնակցողներու շարքին են նաեւ Անտիոքի Օրթոտոքս Ասորիներու Պատրիարք` Աֆրէմ Բ, Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպի եւ Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ և Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ  Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ այլք։

Հսկումի երկու մասերը

Աղօթքի Հսկումը բաժնուած է երկու մասերու` առաջինը Նախահսկումը` ժամը 17:00 էն 18:00` որուն առիթով կը ներկայացուին չորս շնորհակալութեան զեկոյցներ երգերու ընդմիջումներով, ապա 18:00էն 19:10 անց Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ աղօթքի հսկումը, որուն բացումը կը կատարէ Սրբազան Պապը, որմէ ետքը նախատեսուած է Բարթողոմէոս Պատրիարքին աղօթքը, Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումը, երկու աղօթքներ արտասանուած քրիստոնեայ այլ դաւանանքներու երկու ներկայացուցիչներու կողմէ, որուն կը յաջորդէ Արքեպիսկոպոս Ուելպիին Հայր մեր աղօթքը հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Հաւաքը կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապին եւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու Ղեկավարներու օրհնութեամբ ուղղուած Սիւնհոդոսի մասնակիցներուն ու միւս հաւատացեալներուն։

Երիտասարդները

Աղօթքի հսկումին մեծ դեր պիտի ունենան նաեւ երիտասարդները որոնք մեծ թիւով պիտի ժամանեն Եւրոպական տարբեր քաղաքներէն ու պիտի մասնակցին աղօթքի համախմբումին` իրենց համար Թէզէյի հասարակութեան կողմէ պատրաստուած եռօրեայ յատուկ յայտագիրով մը։

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ 

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին իր ելոյթին մէջ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ԺԶ սովորական ընդհանուր ժողովի տեղեկատուական յանձնաժողովի նախագահ եւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուց Սիւնհոդոսի մասին նշելով նաեւ առաջ որ Սիւնհոդոսի վերջնական յայտագիրը տակաւին պատրաստութեան մէջ է ու թէ անոր մասին արդեն պատրաստուած է նախնական թղթածրար մը որ պիտի բաժնուի սիւնհոդոսի բոլոր մասնակցողներուն որ պիտի պարունակէ սիւնհոդոսին հայող փաստաթուղթեր ներառեալ աշխատանքային թղթածրարը։

Հոգեւոր կրթութիւնը

Տիար Ռուֆֆինի նշեց ապա թէ Աղօթքի հսկումի աւարտին բոլոր սիւնհոդոսի մասնակիցները պիտի ուղղուին Պօղոս Զ ներգնագաւիթ ուր պիտի մասնակցին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին։ Ընթրիքէն ետքը բոլոր մասնակիցները կը փոխադրուին Սաքրոֆանօ ուր 30 սեպտեմբերի երեկոյէն մինչեւ 3 հոկտեմբերի առաւօտ կը մասնակցին Հոգեւոր Կրթութեան զոր պիտի քարոզեն Հայր Թիմոթի Եիթըր Ժոզէֆ Ռատքլէյֆ եւ Մայր Մարիա Ինիացիա Անճելինին։

Սիւնհոդոսի բացման պատարագը

4 հոկտեմբեր 2023 ի օրը կը սկսի Սուրբ Պատարագով որով բացումը կը կատարուի Սիւնհոդոսին ու կը զուգադիպի նաեւ նոր Կարդինալներու անդրանիկ պատարագին։ Իսկ Սիւնհոդոսի Աշխատանքային առաջին նիստը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը որու առիթով զեկոյց կ՛ունենան Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, ընդհանուր զեկուցողը եւ Քահանայապետը։

Մեթոդաբանութիւնը

Ռուֆֆինին ներկայացուց ապա աշխատանքային նիստերու ընթացքին որդեգրուելիք մեթոդաբանութեան ակնարկելով 2021ին սկսած սիւնհոդոսական ընթացքին` նախ տեղական եկեղեցիներու մակարդակով ապա տարածաշրջանային մակարդակով մինչեւ այս տիեզերական փուլը որ իր կարգին բաժնուած է երկու մասերու որոնցմէ առաջինը կը նշուի այս տարի իսկ երկրորդը յաջորդ տարի` 2024ին։

«Սիւնհոդոսը պիտի ըլլայ աղօթքի, իրար փոխադարձ ունկնդրութեան, զատորոշումի ու հաղորդութեան ուղեւորութիւն մը» շեշտեց Ռուֆֆինին նշելով որ Հաւաքին պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան, իտալերէնը, ֆրանսերէնը, սպաներէնը եւ փորթուկալերէնը։

Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը ապա բաժնուած պիտի ըլլան հինգ մասերու հիմնուելով Աշխատանքային Թղթածրարի չորս բաժանումներուն վրայ` սիւնհոդոսականութիւնը, հաղորդութիւնը, առաքելութիւնը ու մասնակցութիւնը, մինչ վերջին բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ վերջնական քննարկումին ու Հաւաքի առաջին նստաշրջանի ամփոփ հաշուետուութեան վաւերացումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 14:34