Եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը Եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը  (Vatican Media)

Սիւնհոդոս. Եանկոնի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պօ «Մեր ժողովուրդը գաղթի մէջ է»։

«Մարդկութիւնը փրկելու միակ ձեւը կը կայանայ խաղաղութեան, յոյսի, արդարութեան մէջ մարդկութիւնը փրկելու մէջ» Կարդինալ Պօ-ի քարոզը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 23 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Պատարագի արարողութեան զոր մատուցեց Ասիոյ մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու նախագահ, Միանմարի կարդինալ, արքեպիս Մոնկ Պօ։

«Յոյսի, խաղաղութեան, արդարութեան երկար երթը դէպի սիւնհոդասականութիւն» այս եղաւ Կարդինալ ՊՕ-ի պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ծիրանաւորը նշեց, թէ Հաւատքը կը լուաւորէ կեանքի ուղեւորութեան ամէնէն խաւար պահերը ու կը թոյլատրէ ականատես ըլլալ խաւարին մէջ ներթափանցող Աստուծոյ շնորհքը։ Ակնարկելով ապա Միանմարի մէջ ներկայ իրավիճակին կարդինալ Պօ յարեց, թէ Միանմարի մէջ քրիստոնեաները ելքի մէջ կը գտնուին ու հակառակ այդ անմտածելի իրողութեան, անոնք իրենց հայեցաքը սեւեռած կը պահեն խաչին վրայ։

Կարդինալ Պօ ապա անդրադառնալով Սուրբ գիրքին բնագիրներուն ընդգծեց, թէ Սուրբ գիրքի պատգամը շատ յստակ ու պարզ է։ Աստուած երբեք չթողուր իր ժողովուրդը։

Եանկոնի արքեպիսկոպոսը խօսեցաւ սիւնհոդոսի մասին նշելով, որ մեծ սպասումներ կան սիւնհոդոսէն, որ կը գումարուի հակամարտութիւններով յատկանշուած աշխարհին մէջ, ինչպէս Հիւսիսային Ասիոյ եւ աշխարհի տարբեր մարզերու մէջ անկայուն իրավիճակը։

«Աստուած իւրաքանչիւրիս համար ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ համար ունի ծրագիր մը ու մեր ծրագիրները ու ճամբորդութիւնները պէտք են համապատասխանեն Անոր Կամքին»ըսաւ կարդինալ ՊՕ աւելցնելով, որ սիւնհոդոսի ուղեւորութիւնը կը վերաբերի աշխարհի համերաշխութեան եւ ամոքումին՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ եւ մարդկութիւնը փրկելու միակ ձեւը կը կայանայ խաղաղութեամբ, յոյսով, արդարութեամբ  մարդկութիւնը փրկելու մէջ, ինչպէս նաեւ ողջ անձերուն համաշխարհային սիւնդհոդականութեան միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2023, 10:59