2023.10.09  Jean-Claude Hollerich, relatore generale al Sinodo

Յառաջ ընթանանք Սիւնհոդոսականութեան մէջ` ոչ կղերապաշտութեան որ կ՛անշարժացնէ Եկեղեցին. Կարդինալ Հոլլէրիխ

Ընդհանուր զեկուցողի միջամտութենէն առաջ խօսք առաւ նաեւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը` Կարդինալ Մարիօ Կրէքը որ յիշեց հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 19,15ին նախատեսուած գաղթականներու եւ փախստականներու յիշատակին նուիրուած աղօթքը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ «Անանուն Հրեշտակներ» կոթողին մօտ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 հոկտեմբերին, Պօղոս Զ սրահին մէջ տեղի ունեցող եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսը` գումարեց հերթական ընդհանուր նիստը, որուն առիթով Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ ներկայացուց Աշխատանքային Թղթածրարի չորրորդ բաժինը նուիրուած իշխանութեան, ծառայութեան, եւ Եկեղեցւոյ տարբեր բաղադրիչներու համապատասխանուութեան։

«Յոգնած ենք» եւ «արդեն կ՛ուղղուինք դէպի աւարտ» բայց ուշադիր` «այս մէկը պէտք չէ պատրուակ դառնայ նուազեցնելու համար մեր աշխատանքային յանձնառումը` կարծես թէ դպրոցի վերջին շաբաթը ըլլար»։ Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ` Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողը, այս եւ այլ քաջալերական խօսքերով սկսաւ իր զեկոյցը, ներկայացնելով Աշխատանքային Թղթածրարի թիւ «B3» այսինքն չորրորդ բաժինը, որուն քննարկումը պիտի կատարուի այս վերջին շաբաթուայ ընթացքին եւ որ կազմուած է հինգ նիւթերէ` իշխանութեան ծառայութեան նորացում՝ կենտրոնանալով «կղերականութեան» հարցին վրայ, որ արգելք է Եկեղեցւոյ առաջընթացին համար, «միասնական զատորոշում», «սիւնհոդոսական» կառոյցներու և հաստատութիւններու ստեղծում, տեղական Եկեղեցիներու միջև «ցանցերու» կառուցում՝ հաշուի առնելով Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթած «առողջ ապակենդրոնացումը» եւ վերջապէս, Սիւնհոդոսի «ներուժը»՝ գնահատելով` «փորձը» որ կատարուեցաւ Սիւնհոդոսը ընդլայնելու խումբ մը մարդոց` որոնք եպիսկոպոսներ չեն:

Կարդինալ Հոլլերխը այս բոլորը նկատեց «նուրբ» հարցեր, որովհետեւ կը դպչին Եկեղեցւոյ գործնական կեանքին։ Սխալ զատորոշում մը` կարող է ամէն բան քայքայել, ուստի պէտք է հարցերը դիմագրաւել ճշգրտութեամբ ու նաեւ դիմելով աստուածաբաններու եւ կանոնագէտներու, որպէսզի սատարեն խորհրդածութեան։

Ընդհանուր զեկուցողը հուսկ նշեց, որ այս մէկը առաջին հանգրուան մըն է, որուն ընթացքին կը դիմագրաւուին այս թեմաները, որոնք ապա աւելիով պիտի խորացուին եկող տարի։ «Եւ այս տարուայ ընթացքին, որ մեզ կը բաժնէ յաջորդ հանգրուանէն մենք յանձնառու պիտի ըլլանք մեր Եկեղեցիներուն տանելու մեր աշխատանքին պտուղները» նշեց Ծիրանաւորը դիտել տալով, թէ սիւնհոդոսական նիստերու մասնակցողները ունին կրկնակի պարտականութիւն` մէկ կողմէն իրենց եկեղեցիներուն փոխանցել այս առաջին հաւաքին արդիւնքները, ապա ծրագրեն ձեւեր` թէ ինչպէս հաւաքել տեղական եկեղեցիներու կարծիքները որպէսզի պատրաստուած հասնին «2024-ի սիւնհոդոսին»։

Ընդհանուր զեկուցողի միջամտութենէն առաջ խօսք առաւ նաեւ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը` Կարդինալ Մարիօ Կրէքը որ յիշեց հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 19,15ին նախատեսուած գաղթականներու եւ փախստականներու յիշատակին նուիրուած աղօթքը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ «Անանուն Հրեշտակներ» կոթողին մօտ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 12:39