Vaticano: proseguono i lavori del Sinodo

Սիւնհոդոսի մասնակցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն կոչ լիբանանցիներուն եւ միջազգային հանրութեան

Վատիկանի մէջ ընթացող Սիւնհոդոսի մասնակից Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչները՝ մտահոգ Լիբանանի ապագային համար, համատեղ կոչով դիմած են՝ լիբանանցիներուն՝ Լիբանանի Եկեղեցւոյ հետ միասին, համատեղ ջանքերով կառուցել քաղաքացիական Պետութիւն ՝ ի յարգանս կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազանութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿին եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն՝ օգնելու զսպել օտարերկրեայ միջամտութիւնը, որ նպաստած է Լիբանանի խճանկարի հաւասարակշռութեան խաթարումին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Մենք՝ լիբանանցիներս, պատրիարքներս, եպիսկոպոսներս, քահանաներս, նուիրաբերուածներս եւ աշխարհականներս, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ եւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հրաւէրով Եպիսկոպոսաց Սինոդի աշխատանքներուն մասնակիցներս, Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած ենք Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան քարտուղար Հայր Միշել Ճալախի, Եպիսկոպոսաց Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ենթաքարտուղար Քոյր Նաթալի Պեքարի եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնի գործակից Մարքօ Ֆորմիքայի հետ՝ քննարկելու Լիբանանի իրավիճակը եւ անոր լուծումի համար ձեռնարկուելիք ջանքերը»։

Այսպէս կը սկսի Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդի մասնակից Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչներու 15 Հոկտեմբերին ստորագրուած կոչը՝ ուղղուած լիբանանցիներուն եւ միջազգային հանրութեան՝ ի հետեւութիւն Լիբանանի ապագայի հանդէպ ունեցած անոնց մտահոգութիւններուն եւ անհանգստութիւններուն, որուն մէջ, նախ եւ առաջ, երախտագիտութեան զգացմունք կ’արտայայտուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդէպ, որ իր սիրտին մէջ կը պահէ Լիբանանը՝ ցանկանալով գտնել «արժանի լուծում լիբանանեան ժողովուրդի պատմութեանն ու արժէքներուն», ինչպէս նաեւ՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները՝ յատկապէս պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ պատերազմի բռնկումէն ետք։

Կոչ լիբանանցիներուն

«Ճիշդ է, որ Լիբանանը, մեր հայրենիքը, կը դիմագրաւէ լուրջ ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան կրորսնցնելու անոր ինքնութիւնը, կոչումը, երկիր-պատգամի առաքելութիւնը եւ իր դերը ազգերու համերգին մէջ», կը շարունակենք կարդալ Կոչին մէջ, ուր կը շեշտուի նաեւ Երկիրի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամը, որ աղքատութեան եւ արտագաղթի պատճառ դարձած է՝ ի մասնաւորի երիտասարդութեան եւ մտաւորականներու արտագաղթին։ Միւս կողմէ ընդգծուած է առկայ զանգուածային ներգաղթը՝ տնտեսական, հասարակական եւ ժողովրդագրական առումով ծանր հետեւանքներով։

Այդ «տեւական ճգնաժամի» լուծումի համար կ’առաջարկուի առաջին հերթին սկսիլ Լիբանանի Նախագահի ընտրութիւններէն Երկիրի Սահմանադրութեան համապատասխան, ինչը կ’ապահովէ «սահմանադրական հաստատութիւններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահանջուող անհրաժեշտ բարեփոխումներու կիրառումը»։

Լիբանանի Եկեղեցւոյ հետ միասին, որ կը գործէ յանուն մէկ կողմէ քրիստոնեաներու միջեւ, միւս կողմէ լիբանանցիներու միջեւ երկխօսութեան խթանման, կը խրախուսուի համատեղ ջանքերով կառուցել քաղաքացիական Պետութիւն՝ ի յարգանս կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազանութեան՝ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի Լիբանանի 1920 թ. ամրագրուած է 1943ի Ազգային դաշնագիրով եւ թարմացուած 1990ի Թայիֆի համաձայնագիրով։

Վերոնշեալ կոչին մէջ հիմնարար կը նկատուի երիտասարդներու դերը, որոնք կը քաջալերուին խորացնելու ազգային եւ քաղաքական պարտատրուածութիւնը՝ իրաւական պետութիւն կառուցելու եւ խաղաղութիւնը, ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը վերականգնելու համար։ Բան մը, որ «չեն կատարէր ներկայ քաղաքական գործիչները եւ զինուորական ղեկավարները, որոնք իշխանութիւնը անձնական շահերու համար կը պահեն»:

Կոչ միջազգային հանրութեան

Համատեղ կոչի երկրորդ հատուածը ուղղուած է միջազգային հանրութեան, քանի որ «Լիբանանի խնդիրը կախեալ է Մերձաւոր Արևելքի ու տարածաշրջանի մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ շարունակուող հակամարտութիւններէն», կը նշուի անոր մէջ, ու քանի որ «Լիբանանի խճանկարի հաւասարակշռութեան խաթարումին նպաստած են «օտարերկրեայ երկիրներու միջամտութիւնը Լիբանանի գործերուն՝ իրենց հպատակ լիբանանեան խմբաւորումներուն աջակցութեան միջոցաւ»։

Ուստի, կը խնդրուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ «Իր ողջ կշիռը բանեցնելու Լիբանանին բարեկամ երկիրներու եւ հզօր գերտէրութիւններու հետ բանակցելու, որպէսզի Լիբանանը կրկին ստանձնէ իր առաքելութիւնը եւ ազգերու համերգին մէջ երկիր-պատգամի իր դերը»։

Կոչը կը հասցէագրուի նաեւ ՄԱԿ-ին եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն՝ օգնելու զսպել օտարերկրեայ միջամտութիւնը, ճանաչելու Լիբանանի դրական չէզոքութիւնը, կիրառելու ՄԱԿի թիւ 1559, 1680 եւ 1701 բանաձեւերը եւ կարգաւորելու իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութիւնը:

Գրութեան հեղինակները պարտաւորուած են, ի վերջոյ, Սիւնհոդոսականութիւնը ապրիլ միասին քալելով, եր կխօսելով ու զատորոշելով, պաշտպանել քրիստոնէական արժէքները ու վկայել Աւետարանը իրարու եւ մերձաւորներու հետ գթասրտութեան մէջ։

Կոչը ստորագրած են ի միջի այլոց Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային, Ասորի Կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամ օրիորդ․Ռիթա Քուրումելեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 12:12