Mater Ecclesiae տունը ետ դարձաւ Հայեցողական կեանք ապրող կրօնաւորուհիներու վանք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին կողմէ հիմնուած Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Mater Ecclesiae վանքը, որ տասը տարի եղած է Պենետիկոտս ԺԶ Պապին բնակավայրը, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով վերստացաւ իր սկզբնական նպատակը՝ ետ դառնալով Հայեցողական կեանքի ապրող կրօնաւորուհիները վանք, որոնք կը զօրակցին Սրբազան Քահանայապետին՝ իր ամենօրեայ հոգածութեան մէջ եկեղեցւոյ համար, աղօթքի արարողութեան, երկրպագութեան, գովասանքի եւ ծառայութեան միջոցաւ։
Այս մասին լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան մէջ ուր կը նշուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս որոշում կայացուցած է անցեալ մէկ հոկտեմբերին ստորագրած ինքնագիր նամակով մը ու հրաւիրած է Պուէնոս Այրէսի Բենետեիկտեան միաբանութեան կրօնաւորուհիները այդ վանքին մէջ հաստատուելու ու կրօնաւորուիներըր մեծ ուրախութեամբ ընդունած են Նորին Սրբութեան հրաւէրը։
Պենետիկտոս ԺԶ-ի նստավայրը
25 մարտ 1994ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը ինքնագիր նամակով մը Վատիկան քաղաքին մէջ հիմնեց Հայեցողական կեանք ապրող կրօնաւորուհիներու վանք անուանելով Mater Ecclesiae։
11 փետրուար 2013ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը հրաժարականը ներկայացնելէ ետք փափաք յայտնեց այդ վանքը իր նստավայրը դարձնելու ուր իր կեանքին վերջին տարիները ապրեցաւ համագործակիցներուն հոգածութեան տակ, աղօթքի միջոաւ թիկունք կանգնելով եկեղեցւոյ՝ մինչեւ իր վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ 31 դեկտեմբեր 2022-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ