TOPSHOT-UAE-UN-CLIMATE-COP28

Կարդինալ Փարոլինը պիտի գլխաւորէ COP28ին մասնակցող Վատիկանեան պատուիրակութիւնը

Շաբաթ 2 դեկտեմբերին, Ծիրանաւորը վեհաժողովին պիտի տանի պատգամը` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը փափաքէր արտասանել։ Այս կարգադրութիւնը անհրաժեշտ դարձաւ տրուած ըլլալով որ բժիշկներու խրատով Քահանայապետը ստիպուած եղաւ չեղեալ նկատել իր արդն ծրագրուած Տուպայ ճամբորդութիւնը եւ այս մէկը թոքերու ցնցուղներու բորբոքումի հետեւանքով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` մէկ դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն հաստատեց, թէ «Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Տուպայի COP28ին առիթով, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը, որ արդեն այնտեղ կը գտնուի, շաբաթ 2 դեկտեմբերին, վեհաժողովին տանելով պատգամը` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը փափաքէր արտասանել։ Յաջորդ օրը` 3 դեկտեմբերին, Միջ կրօնական վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Այուզօ Կիսոյի հետ միասին, Պետական քարտուղարը պիտի մասնակցի նախատեսուած «Faith Pavillion»ի բացման արարողութեան» յայտնած է միշտ Մաթթէօ Պրունին։

Յայտնենք որ, վերոնշեալ կարգադրութիւնը անհրաժեշտ դարձաւ այն պահէն եբր բժիշկներու խրատով Քահանայապետը ստիպուած եղաւ չեղեալ նկատել իր արդեն ծրագրուած Տուպայ ճամբորդութիւնը եւ այս մէկը թոքերու ցնցուղներու բորբոքումի հետեւանքով, որուն բերումով բժիշկները Քահանայապետէն խնդրած են զգոյշ ըլլալ ու հանգիստ ընել, խուսափելու համար առողջութեան վատթարացումէն։ Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի նաեւ որ Սրբազան Պապին առողջապահական վիճակը բարելաւման մէջ է սակայն տակաւին կարիքը ունի խնամքի ու հանգիստի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 09:34