Էմիլչէ Քուտա  COP 28 Էմիլչէ Քուտա COP 28  

Cop28 Վատկան. Սկսիլ ընկերային արդարութեան ուղի նաեւ կլիմայի համար

Տուպայի վեհաժողովին մասնակիցներուն շարքին Լատին Ամերիկիոյ քահանայապետական յանձնախումբի քարտուղար, Էմիլչէ Քուտաի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ, Տուպայի վեհաժողովի աշխատանքներու մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի կողմէ նախաձեռնուած Տուպայի մէջ սկիզբ առած կլիմայի փոփոխութեան մասին COP 28 վեհաժողովի ընթացքին, պետական ղեկավարներու արտասանած յայտարութիւններէն ետք, աշխատանքները կը շարունակուին ու պիտի տեւեն մինչեւ 12 դեկտեմբեր։ Վեհաժողովին ընթացքին այժմ տեղի կ՝ուենան թեքնիքական բանակցութիւններ, հասնելու համար վերջնական բնագիրի մը, նախատեսուած է որ ընդունուի միաձայն։

Տուպայի վեհաժողովին մասնակիցներուն շարքին է ի մէջ այլոց Լատին Ամերիկիոյ քահանայապետական յանձնախումբի քարտուղար, Էմիլչէ Քուտա։ Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ «ժամանակն է սկսելու արդար անցումային գործընթացի մը, ինչպէս սահմանուած է Սուրբ Աթոռի եւ նաեւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ։

«Վատիկան Նիւզօի հետ ունեցած զրոյցին մէջ Էմիչէ Քուտա անդրադառնալով վեհաժողովին նիւթերուն, հրամայական նկատեց արդիւնաբերական արտադրութեան «սպանող» տիպարներէ հեռանալը, ինչպէս նախապէս յիշած Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Սեղանի վրայ դրուած են տարբեր դիրքորոշումներ, բայց ժամանակն է սկսելու ընկերային արդարութեան ուղի մը, մեր Երկրին համար», ըսաւ Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի քարտուղարը ։ Ան ապա նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն բխած կաթողիկէ ընկերային վարդապետութեան շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցին՝ ըլլայ բնական ըլլայ մարդկային համապարփակ մօտեցումը լաւ ըմբռնուած է ժողովականներուն կողմէ եւ յոյժ կարեւոր նկատուած է Պապին դաւանանքի տաղաւարին բացման արարողութեան առթիւ արտասանած պատկերասփռուած պատգամը

«Ֆրանչիսկոս Պապ կը խօսի խաղաղութեան մասին եւ ոչ մէկը հոս կլիմայի փոփոխութիւնը կը տեսնէ որպէս քիչ քիչ կատարուած համաշխարհային երրորդ պատերազմ» ըսաւ Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի քարտուղարը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2023, 12:30