Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը 2024ի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 14 Դեկտեմբեր 2023 թուականին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ նուիրուած 1 Յունուար 2024ին Խաղաղութեան համաշխարհային 57րդ օրուան, կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան կողմէ, որուն ծիրէն ներս, ի միջի այլոց, ելոյթ ունեցաւ Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Միքայէլ Շեռնին։
Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը, որուն բնաբանն է «Արհեստական բանականութիւն եւ խաղաղութիւն», ըստ Կարդինալի, կը մատնանշէ այն մարտահրաւէրները, որոնք կ’առաջադրեն արհեստագիտութիւնները աւելի արդար եւ աւելի եղբայրական աշխարհ կառուցելու համար:
Սրբազան Քահանայապետը արհեստական բանականութեան առաջընթացին մէջ կը տեսնէ «ժամանակներու նշանը», որ ցոյց կու տայ այն նոր իրականութիւնը, որ կը բխի մեր շուրջը կատարուող եղելութիւններէն, ինչը «Եկեղեցին կը մեկնաբանէ Աւետարանի լոյսի ներքոյ, եւ որուն մէջ մենք կը ճանչնանք դէպի մեզի եկող Աստուծոյ Արքայութեան բարի լուրը», նշեց Կարդինալ Շեռնին։
Ան ապա նկատել տուաւ, որ «որպէս ժամանակներու նշան՝ արհեստական բանականութիւնը, ինչպէս եւ մարդկային հանճարի ցանկացած այլ դրսեւորում, կը պահանջէ վստահանալ, որ ան իսկապէս ծառայէ ընդհանուր բարօրութեան, պաշտպանէ մարդու անօտարելի արժէքը եւ նպաստէ մեր հիմնարար իրաւունքներուն»:
Արհեստականբանականութեան ազդեցութիւնը արդեն իսկ մեծ է ու դժուար է կանխատեսել, թէ դէպի ուր կ’ուղղորդէ մարդկային ընտանիքը, շարունակեց իր խօսքը Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը՝ ընդգծելով, որ Սրբազան Քահանայապետը դրական կերպով կ’ընդունի գիտական եւ արհեստագիտական առաջընթացի նպաստը մարդկութեան եւ, թէ այդ ձեռքբերումները անգնահատելի եղած են մարդկանց, անոնց արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն համար։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ անգամ «չէզոք» գործիք ընկալուող մուրճը՝ կախուած զայն օգտագործողի մտադրութենէն եւ ոչ զայն արտադրողէն, կրնայ նպաստել բարիին կամ չարին, նկատել տուաւ Ան։
Կարդինալ Շեռնին հաստատեց այնուհետեւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը դատապարտէ «տեխնոկրատական տիպարը»՝ այսինքն արհեստագիտութեան անբարեխիղճ կիրառումը, որ բացառապէս կը կառավարուի շահոյթ ստանալու ցանկութեամբ և կողմնապահական շահերով։
Վատիկանի պաշտօնեան ապա ընդգծելով Պապի միտքը թէ․«արհեստական բանականութեան առաջադրած մարտահրաւէրները արհեստագիտական են, մարդաբանական, կրթական, ընկերային եւ քաղաքական», թուարկեց որոշ օրինակներ.․
- Վախ կը յառաջացնէ արհեստական բանականութիւններու օգտագործումը պատերազմական նպատակներով, որոնք միշտ աւելի կատարելագործուած ու կործանարար ըլլալէն բացի, կը վերացնեն մարդկային պատասխանատուութիւնը մարտի դաշտէն, քանզի ալկորիթմներու միջոցաւ կը կառավարուին։
- Արհեստական բանականութիւնը կը սպառնայ նաև ընկերային արդարութիւն․ «ռոպոտացնելու» եւ կը վերացնէ աշխատատեղերը՝ աղքատութեան աճին նպաստելով։
- Մինչ տեղեկատուական դաշտի ծիրէն ներս բառերը և պատկերները միտումնաւոր խեղաթիւրելու, ապատեղեկացնելու եւ շահարկելու նոր ուղիներ փնտռելը, լրջօրէն կը վտանգէ քաղաքացիական կարգն ու ժողովրդավարական իշխանութիւնը։
Այս համատեքստներէն մեկնելով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ բոլորը եւ յատկապէս երիտասարդները կրթելը հիմնարար կը դիտէ՝ նոր արհեստագիտութիւնները պատասխանատու կերպով նախագծելէն սկսեալ՝ մինչեւ անոր գիտակցաբար օգտագործումը՝ յատկապէս աղքատներու եւ շրջակայ միջավայրի վրայ անոնց ազդեցութեան տեսանկիւնէ, բացատրեց Կարդինալ Շեռնին։
Ըստ Անոր, Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ կը դիտէ նոր արհեստագիտութիւններու՝ զարգացումի բոլոր փուլերու ընթացքին, պատասխանատու կերպով վերահսկումը եւ կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ զանոնք արդիւնաւէտ կանոնակարգելը Պետութիւններէն ներս, բազմակողմ համաձայնագիրերու եւ պարտադրող պայմանագիրերու ստորագրման միջոցաւ։
Ուստի եւ 2024ի պատգամը՝ այս պատմական պահուն, համատեղ պատասխանատուութիւն դրսեւորելու կոչ է ՝ ուղղուած ոչ միայն պետութիւններու ղեկավարներուն, քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներուն, այլեւ՝ բոլորին, ըսաւ իր վերջոյ Կարդինալ Շեռնին եւ շեշտեց, որ արհեստականբանականութեան մասին լուրջ խորհրդածութիւնը խաղաղութեան հրատապ նիւթի ծիրէն ներս կը մղէ, որպէսզի խորապէս հարցաքննենք մենք մեզի, թէ, որն է մեր ապագայի դիմագրաւելիք ամենէ մեծ գրաւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ