2023.12.16 Udienza cardinale Parolin

Կարդինալ Փարոլինը հանդիպած է Արաբական Պետութիւններու Լիկայի պատուիրակին ու մի քանի դեպաններու հետ

Հանդիպումին նիւթն էր Իսրայէլ Պաղեստին հակամարտութիւնը ու անոնց մասնակցեցան նաւ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած որոշ երկիրներու դեսպաններ։

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ թէ այսօր` «16 դեկտեմբերին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հանդիպում ունեցած է Արաբական Պետութիւններու Լիկայի պատուիրակ` Տիկ Էնաս Սայըտ Մոհամէտ Ալի Մըքքաուիի հետ, ընկերակցութեամբ սոյն դեսպաններուն. Պաղեստինի դեսպան` Տիար Իսսա Քասսիսիէհ, Լիբանանի դեսպան Տիար Ֆարիտ Էլ Խազէն, Իրաքի Դեսպան Տիար Ռահման Ֆարհան Ապտուլլահ Ալաամերի, Եգիպտոսի դեսպան` Տիար Մահմուտ Թալաաթ։

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին, վսեմաշուք Պետական Qարտուղարը Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը արտայայտեց Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ տիրող իրավիճակին համար եւ այս ուղղութեամբ վերահաստատեց.

- Տարբեր անգամներ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ արտայայտուած զինադադարի կոչը

- Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութիւններ երաշխաւորելու հրամայականը

- Եւ հրատապ անհրաժեշտութիւնը` ձեռք բերելու Երկու Պետութիւն լուծումը եւ Երուսաղէմ քաղաքին համար` միջազգայնօրէն ճանչցուած յատուկ կարգավիճակ, ի նպաստ տարածաշրջանի կայուն ու մշտական խաղաղութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2023, 13:22