Պատերազմի թիրախ անչափահասներ Պատերազմի թիրախ անչափահասներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողորմնաբաշխ կարդինալ Քրայեւսքի Սուրբ Երկիր գնաց խաղաղութեան պատգամը փոխանցելու առաքելութեամբ։

Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին պատուիրակ ժամանեց Սուրբ Երկիր, տեղւոյն եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Փիցապալլայի հետ միասին աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի առաքելութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի այս օրերուն, Ֆրանչիսկոս Պապ շատ անգամ իր կոչերուն մէջ խաղաղութեան պարգեւը հայցեց, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմի աւարտին համար, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ, որ գրեթէ երկու տարիէ ի վեր տառապի։

Այս «մաս, մաս» կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմի շուքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքի առաքելութեամբ եւ որպէս շօշափելի նշան իր մօտիկութեան պատերազմէն տառապողներուն նկատմամբ Սուրբ Երկիր կ՝ուղարկէ բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, այս մասին կը կարդանք բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

«Պապին փափաքն է, որ այս ճամբորդութիւնը ուղեկցուի աղօթքով՝ խաղաղութեան պարգեւը ստանալու համար այն շրջաններուն մէջ ուր զէնքերու աղմուկը տակաւին կը հնչէ» նշուած է բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ , որուն մէջ կը տեղեկացուի որ «Խաղաղութեան պարգեւի աղօթքը պիտի կատարէ Պապին Ողորմաբաշխը, Կարդինալ Փիցապալլայի հետ ինչպէս նաեւ տեղւոյն եկեղեցւոյ, տօնակատարելու համար Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը՝ խաղաղութեան իշխանը եւ աշխարհի մէջ միակ յոյսը»։

Խաղաղութեան առաքելութիւններ, խաղաղութիւն եւ զօրակցութիւն

Յիշենք, թէ կարդինալ Քրայեւսքի անցեալ տարի եւս Սուրբ Ծնունդի տօնի օրերուն ժամանեց Ուքրանիա, պատերազմի թիրախ բնակչութեան ջերմային վերնաշապիկներ տանելու համար։

Նաեւ Սուրբ Զատկուայ տօնին, Պապին ողորմաբաշխը Ուքրանիա ժամանեց, քահանայապետին մօտիկութիւնը փոխանցելու համար Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն տառապող ժողովուրդին։ Կարդինալ Քրայեւսքին այցելեց ու յուզիչ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հակամարտութենէն ամենէն շատ աւերուած, Պորոտժանքայի մէջ գտնուող զանգուածային գերեզմանի դիմաց։

Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ, որ Կարդինալ Քրայեւսքի Սուրր երկիր կ՝երթայ իր սիրտին մէջ կրելով, անցեալ 8 յունիս 2014ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի պարտէզներու մէջ արտասանած աղօթքը, ներկայութեամբ Իսրայէլի նախագահ, Չիմոն Բերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2023, 10:15