Դէպի 2024 թուական կատարուող քայլերը՝ յանուն սիւնհոդոսական եւ միսիոներական եկեղեցւոյ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Կը շարունակուին Սիւնհոդոսականութեան համար սինոդին աշխատանքները՝ ի տես 2024 թուականի Հոկտեմբերին նախատեսուող եզրափակիչ նստաշրջանի։
Եկեղեցիները կանչուած են խորհրդածելու անցեալ Հոկտեմբերին հրապարակուած ամփոփիչ զեկոյցի շուրջ եւ նախապատրաստուելու յաջորդ տարուան։
Ողջ աշխարհի եպիսկոպոսները չորս էջանոց փաստաթուղթ ստացած են Սինոդի քարտուղարութեան կողմէ՝ ուղեկցուած Կարդինալ Մարիօ Կրէքի (ընդհանուր քարտուղար) Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխի (ընդհանուր զեկուցող), ստորագրութեամբ նամակով։
Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի Սինոդի անդամներու ապրած փորձառութիւնները, վեր կը հանուին քննարկուած նիւթերը, որոնց ցանկը պիտի ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ ըստ Անոր ցուցումին կը կազմակերպուին մասնագէտներու հաւաքներ, որոնք այդ նիւթերը կը քննարկեն սիւնհոդոսական ոգիով՝ Հռոմէական կուրիայի իրաւասու վերատեսչութիւններու ներգրաւմամբ։
Ուղղորդող հարցադրումները եւ ի հետեւութիւն անոնց նախատեսող քայլերը պիտի քննարկուին երկու ուղղութիւններով՝ տեղական Եկեղեցիներու մակարդակով եւ Եկեղեցիներու միջեւ ու Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ յարաբերութիւններու մակարդակով։
Տեղական Եկեղեցիներու մակարդակ
Ինչպէ՞ս բարձրացնել Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր անդամներուն համատեղ տարբերակուած պատասխանատուութիւնը առաքելութեան մէջ: Որո՞նք են փոխյարաբերութիւններու այն ձեւերը, կառոյցներու, զատորոշումի եւ առաքելութեան վերաբերեալ որոշումներու կայացման այն գործընթացները, որոնք թոյլ կու տան ճանչնալ այդ պատասխանատուութիւնը, ձեւաւորել եւ խթանել զայն: Ո՞ր ծառայութիւններն ու մասնակից մարմինները կրնան նորանալ կամ ուղղորդուիլ՝ այս համատեղ պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս արտայայտելու համար։
Այս մակարդակին վրայ ուղղորդող հարցադրումներուն պատասխանելու նպատակով տեղական Եկեղեցիները հրաւիրուած են անգամ մը եւս վերապրիլ ողջ ամփոփիչ զեկոյցը եւ հաւաքել անոր վերաբերեալ առաջարկութիւնները: Իւրաքանչիւր Եկեղեցի ցանկութեան պարագային կրնայ նաեւ համապատասխան Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ուղարկել «կատարուած աշխատանքի և ապրած փորձառութիւններու համառօտ վկայութիւնը (առաւելագոյնը երկու էջ)՝ որ կարեւոր կը դիտէ սիւնհոդոսական միսիոներական շարժողականութեան աճին համար»:
Եկեղեցիներու միջեւ եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ յարաբերութիւններու մակարդակ
Ինչպէ՞ս «ստեղծագործաբար ձեւակերպել այդ յարաբերութիւնները՝ գտնել շարժունակ հաւասարակշռութիւն Եկեղեցւոյ՝ որպէս ամբողջութիւն, եւ անոր տեղական արմատաւորման միջեւ»:
Այս հանգրուանին, ի լրումն թեմական մակարդակով մասնակցող մարմիններու եւ արդեն ստեղծուած սինոդալ խումբերու, կարեւոր պիտի ըլլայ ներգրաւուիլ տարբեր փորձառութիւններ, հմտութիւններ, խարիզմներ ունեցող մարդկանց եւ խումբերի, ինչպէս նաեւ փորձագէտ աստուածաբաններու, կանոնագէտներու եւ ակադեմիական հաստատութիւններու:
Թեմերու ներդրումները հաւաքելէն ետք Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու «խնդիրն է մշակել առաւելագոյնը 8 էջանոց ամփոփում, որ պիտի ներկայացուի Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան՝ մինչեւ 15 Մայիսի 2024 թուականը նոր Աշխատանքային Թղթածրարը ՝ Instrumentum laboris, պատրաստելու համար։
Բացի այդ, սիւնհոդոսական շարժողականութիւնը վառ պահելու յանձնառութեան նպատակով, Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերէն կը խնդրուի շարունակել խթանել որպէս սինոդալ Եկեղեցի աճելուն ուղղուած նախաձեռնութիւնները, հաւաքել վկայութիւններ ու լաւ փորձը և այդ ամէնը առանց ամփոփելու, մինչեւ կրկին 15 մայիս ուղարկել Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ