Կազայէն Յիսուս Մանուկ բուժարան փոխադրուած հիւանդ մանուկ մը ընկերակցութեամբ Հայր Իպրահիմ Ֆալթասի Կազայէն Յիսուս Մանուկ բուժարան փոխադրուած հիւանդ մանուկ մը ընկերակցութեամբ Հայր Իպրահիմ Ֆալթասի 

Կազայէն Յիսուս Մանուկ մանկաբուժարան հասած մանուկները ուրախ են, դժոխքէն դուրս գալուն համար

Սուրբ Երկրի Պահակութեան տեղակալ Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Կազայէն Հռոմ հասած երեխաները այժմ շատ ուրախ են ու անոնց երեսին ժպիտը վերադարձած է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 յունուարին՝ գիշերը հռոմ հասան Կազայէն թռիչքով փոխադրուած 11 հիւանդ եւ ծանր վիրաւորուած անչափահասներ՝ խնամուելու համար Իտալիոյ մէջ, յատուկէն Հռոմի Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանէն ներս։

Սուրբ Երկրի Պահակութեան տեղակալ Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս այցելելէ ետք Մանուկ Յիսուս բուժարան փոխադրուած Կազայէն Ժամանած հիւանդ մանուկները, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ անոնք այժմ շատ ուրախ են« դժոխքէն դուրս գալու» համար, երազ մը որ այժմ իրականացած է։

Հայր Ֆալթաս նկատել տուաւ, որ Կազայէն փոխադրուած անչափահասները փառաւոր կերպով եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունուեցան, ինչ որ նշան է Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին, որ բոլորը առանց խտրութեան կը հիւրընկալէ տրուած ըլլալով որ Կազայէն փոխադրուած բոլոր  անչափահասները մահմետականներ են։

«Այս երեխաները ծանր հիւանդութիւններէ կը տառապին, անոնք անկարելի է որ Կազային մէջ բուժուէին, ուր գոյութիւն չ՝ունի իրենց բուժարանը։ Դժբախտաբար անոնց թիւը քիչ է, որովհետեւ տակաւին կան բազմաթիւ հիւանդ մանուկներ», ըսաւ Հայր Ֆալթաս վստահեցնելով, որ այժմ Կազայէն Հռոմ հասած մանուկները յոյսով լեցուն են ու բոլորին պարտականութիւնն է՝ հոգ տանիլ անոնց մօտիկութեան զգացումով անկախ կրօնքէն, «որովհետեւ սա կեանք է եւ մենք միշտ կենամքին համար ենք։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 08:37