Կարդինալ Ֆիլոնի այցելեց Սուրբ Երկիր Կարդինալ Ֆիլոնի այցելեց Սուրբ Երկիր 

Կարդինալ Ֆիլոնի. «Ուխտաւոր դէպի Սուրբ երկիր՝ հաստատելու համար, որ չենք ընդունիր պատերազմը»

Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիի հարցազրոյցը «Վատիկան Նիուզ»ի հետ Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան մասին ի զօրակցութիւն Սուրբ Երկրի մէջ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման Ուխտի աւագ վարդապետ, Կարդինալ Ֆերնատօ Ֆիլոնիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը անցեալ 28 դեկտեմբերէն, 3 յունուար ուխտագնացութիւն կատարեց Սուրբ երկիր ի զօրակցութիւն տեղական եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։

«Վատիկան Նիւզ» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կարդինալ Ֆիլոնին խօսելով Սուրբ երկրի կատարած ուխտագնացութեան մասին նշեց, որ այդ ուխտագնացութեան թուականի որոշումը պատահական չէր, որովհետեւ կը զուգադիպի խաղաղութեան համար համաշխարհային օրուան թուականին։

Կարդինալ Ֆիլոնին անդրադառնալով իրենց ուխտագնացութեան ժամանակ Երուսաղեմի իրավիճակին նշեց, որ քաղաքը գրեթէ դատարկ վիճակի մէջ էր ու կը նմանի անապատի մը՝ առանց ուխտաւորներու։

«Ամենէն մեծ հարցը ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջութեան պակասն է, որովհետեւ քրիստոնեաները ու հրէաները կ՝ապրին կրօնական զբօսաշրջութեան միջոցաւ, երուսաղեմի հին մասը կը տառապի անոր պակասէն» ըսաւ Կարդինալ Ֆիլոնին ընդգծելով, որ «Ուխտագնացութիւնը ոչ միայն հոգեւորական, բարոյական արարք մըն է, որ կը կատարուի դէպի սուրբ վայր մը, այլեւ ձեւ մը որուն միջոցաւ մենք զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն կը յայտնենք ժողովուրդին, յատուկէն, Երուսաղեմի եկեղեցւոյ։

Կազայի իրավիճակը

Յայտնենք, թէ Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման Ուխտի պատուիրակութիւնը չկրցաւ այցելել Կազա ու այս կապակցութեամբ Կարդինալ Ֆիլոնին իր տխրութիւնը ու ցաւը յայտնեց Կազայի մէջ առկայ իրավիճակի ի տես, ուր արձանագրուեցան հազարաւոր մեռեալներ, որոնց շարքին 10 հազար անչափահասներ եւ տեղի կ՝ունեան ողբերգութիւններ, որոնց պատճառաւ «չկրցանք այցելել Կազան, սակայն Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետը հայր Կապրէլ Ռոմանելլի ամբողջ ժամանակ մեր հետ մնաց ու մեզի տեղեկացուց իր ժողովրդապետութեան մասին ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայացած իրադարձութիւններուն մասին։

Երկխօսութեան յոյսը

Կարդինալ Ֆիլոնին զրոյցը աւարտեց հաւաստիացնելով, որ երխօսութիւն մը կարելի է եւ յոյս կայ որ անիկա կատարուի, ու այդ երկխօսութիւն կ՝իրականացուի երբ անոր մասին որոշում կ՝առնեն երկու կողմերը։

«Անհրաժեշտ է, որ Իսրայէլի իրաւունքը յարգուի այս երկրին մէջ ապրելու  ու յարգուի նաեւ հոն ապրելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը։ «Լաւ ապրիլ միասին, չնայած բազմազանութեան, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ բոլորին տրուած հող մըն է, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներուն, որոնց չէ կարելի մերժել Սուրբ Երկիր երթալու իրաւունքը» ըսաւ Կարդինալ Ֆիլոնին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 13:26