Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքան 

Ուխտագնացութիւններ դէպի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճար` անոր կառուցման 1700 ամեակին առիթով

Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Սուրբ Յովհաննէս տաճարի կառուցման 1700 ամեակի եւ 2024ի Քառասնորդացի առիթներով յառաջիկայ շաբաթներուն կը կազմակերպուին ուխտագնացութիւններ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը կարդանք, թէ Քառասնորդաց շրջանի եւ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարի կառուցման 1700 ամեակի զոյգ առիթներով յառաջիկայ շաբաթներուն կազմակերպուած են ուխտագնացութիւններ դէպի Լատերանի Սուրբ Յովհանէսի Պազիլիքան ու սոյն նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ անցեալ նոյեմբերին այս յոբելինական տօնակատարութիւններու բացման կապակցութեամբ ներկայացուած հարուստ յայտագիրին, որուն ծիրէն ներս կազմակերպուած են Հռոմի թեմի երգչախումբի համերգները, կրօնային, մշակութային յատկութիւններով հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ կրօնային արարողութիւններ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի աւագերեց քահանայի տեղակալ գերապայծառ Կուէրինօ Տի Թորա կը բացատրէ, թէ գտնուելով 2025 թուականի տիեզերական յորբելինական տարուան սեմին,  հաւատացեալներու մէջ մտածուած չէ խառնաշփոթութիւն ստեղծել խօսելով Մայր տաճարին յոբելեանի մասին, այլ ուխտագնացութեան միջոցառումը մտածուած է նաեւ որպէս նախապատրաստութիւն 2025 թուականի յոբելեանին, ուստի՝ ընթացիկ տարուան ընթացքին կազմակերպուած են նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած են հաւատացեալներուն ըմբռնումը ընդլայնելու տաճարի կարեւորութեան մասին, որ հնագոյն ժամանակներէն անուանուած է« Քաղաքներուն եւ երկիրներու ողջ եկեղեցիներուն Մայրը, որպէս թեմի բաբախող սիրտը, ուր տեղի կ՝ուենան թեմին ամենէն կարեւոր պահեր։

Նուիրուած 9 Նոյեմբեր 324-ին, Սիլվեսթրօ Պապին կողմէ՝ Կոստանդիանոս կայսրին շինարարութենէ եւ ֆինանսաւորումէն ետք, Լատերանի Պազիլիքան եղած է առաջին եկեղեցին ուր քրիստոնեաները կրցած են ազատօրէն եւ հրապարակայնօրէն կատարել իրենց ծիսական արարողութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 13:59