2024.01.12 Il cardinale Parolin all'Accademia dei Lincei (12 gennaio 2024)

Կարդինալ Փարոլին. Յարգել մարդասիրական իրաւունքի կանոնները

Հռոմի մէջ Սուրբ Աթոռը եւ խաղութիւնը նիւթով հանդիպումի մը շրջագիծէն ներս Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը մեկնաբանեց Սուրբ Երկրին հայող որոշ լուրերը անդրադառնալով նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին եւ «Fiducia Supplicans» շրջաբերականին։

Սալվաթորէ Չենունցիօ - Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռը եւ խաղաղութեան ոլորտներուն նուիրուած դասախօսութեան մը շրջագիծէն ներս որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 12 Յունուարին Հռոմի «Accademia dei Lincei»ի մէջ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը հանդիպումին ներկայ լրագրողներուն հետ կիսեց աշխարհը յուզող հակամարտութիւններուն ի տես անձկութիւններն ու յոյսերը, պատասխանելով անոնց իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Սուրբ Երկրին ի նպաստ Քահանայապետին կոչերը

Կարդինալ Փարոլինը նախ իր հայեացքը կեդրոնացուց Միջին Արեւելքի վրայ ու պատերազմի մը` որ կարծես աւելիով կ՛ընդլայնուի ու հարցումին եթէ Քահանայապետին ձայնը որ խաղաղութեան ի նպաստ հազուագիւտ ձայներէն մին է անլսելի կը մնայ,  պատասխանեց` թէ «Քահանայապետը կը շարունակէ իր այդ կոչերը կրկնել ու եթէ ճշմարիտ է` որ կայ կաթիլը քարը կը փորէ սկզբունքը, մենք կը յուսանք, որ այդ կոչերը բեկում կատարեն»։ «Անոնց կ՛ընկերանայ նաեւ  դիւանագիտական գործունէութիւնը իր նպատակներով» աւելցուց Ան որոնց շարքին յիշեցուց` պատանդներու ազատ արձակումը, հրադադարը, մարդասիրական օգնութիւնները ու պաղեստինեան հարցին մնայուն ու վերջնական լուծումի մը հանգիլը»։ 

Ինքնապաշտպանութեան «համաչափութեան» չափանիշը 

Ծիրանաւորը հուսկ ակնարկեց «ինքնապաշտպանութեան» իրաւունքի հարցին ընդգծելով թէ այդ մէկը պէտք է հիմնուի «համաչափութեան» չափանիշի վրայ եւ այս կը նշանակէ նկատի առնել անմեղ քաղաքացիները. Կարելի չէ հասնիլ որոշ նպատակներու, անցնելով խաղաղ բնակչութեան այս կոտորածի վրայէն, քանդելով ենթակառոյցները ու չյարգելով մարդասիրական իրաւունքը։  Արդարեւ Վատիկանի դիւանագէտի տեսակութիւնէն մարդասիրական իրաւունքի յարգանքի պակասը այսօր պատերազմի մէջ  ապրողներուն ամենամեծ խնդիրն է։ «Անհրաժեշտ է ունենալ կարողութիւնը վերագտնելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը»  եղաւ Կարդինալ Փարոլինի կոչերէն մին։ 

Ուքրանիան 

Ծիրանաւորին մտածումը ուղղուեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ ուր Ան անգամ մը եւս վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին  միջնորդութեան պատրաստակամութիւնը` մանկաւորապէս   մարդասիրական ոլորտէն ներս, որպէսզին ստեղծուին պէտք եղած պայմանները իրար հասկացողութեան ու բանակցութիւններու մեկնարկին։ 

«Քահանայապետը տարբեր անգամներ ըսաւ ու ես ալ կը կրկնեմ պատերազմը անիմաստ սպանդ է խելագարութիւն է» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։ 

«Fiducia Supplicans» փաստաթուղթը

Ակնարկելով  ապա Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատսեչութեան կողմէ հրատարակուած «Fiducia Supplicans» փաստաթուղթին, որ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ օրհնելու նաեւ ոչ կանոնաւոր կացութեան մէջ ապրող զոյգերը Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը դիտել տուաւ, որ Եկեղեցւոյ մէջ միշտ եղած են փոփոխութիւններ ու թէ այս մէկը լաւ բան է, երբ կ՛ընթանանք այդպէս կոչուած «շարունակականութեան յառաջընթացով»։ Եկեղեցին բաց է ժամանակներու նշաններուն եւ ուշադիր է ներկայ կարիքներուն բայց պէտք է հաւատարիմ մնայ Աւետարանին ու հաւատարիմ նաեւ աւանդութեան ու իր ժառանգութեան։ Եւ եթէ փաստաթուղթէն յառաջ եկած  խմորումները կը ծառայեն քալելու  հետեւելով Աւետարանին` անոնք միշտ ալ ողջունելի են»։

ILVA ընկերութեան հարցը

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը մտահոգութիւն արտայայտեց նաեւ Իտալիոյ Թարանթօ քաղաքի ԻԼՎԱ ընկերութեան աշխատաւորներու հարցին նկատմամբ որոնց ապագան դարձեալ անորոշ իրավիճակի մէջ է, յոյս յայտնելով որ «բոլորի համագործակցութեամբ կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել այս հարցին որ արդեն գոյութիւն ունի շատ ժամանակէ ի վեր»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2024, 15:17