Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոն Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոն  (BENEDETTA BARBANTI)

Գերպայծառ Պալեսթրերօ. Նոր Ֆինանսական ճարտարապետութիւն յանուն ներառման

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը ելոյթ ունեցաւ UNCTAD-ի Առեւտուրի եւ զարգացման խորհուրդի 75-րդ նստաշրջանին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Միասին աշխատիլ կառուցելու համար «Ներառական եւ նորարական» միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութիւն, որ կը համապատասխանէ «զարգացող երկիրներու կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն», յանուն այն աջակցութեան, որ կը մնայ ընդհանուր հասարակութեան հիմքը, ի օգուտ անոնց որոնք «պայքարեցան ֆինանսական ճգնաժամերուն դէմ տասնեակ տարիներուն ընթացքին։ Այս մաղթանքը յայտնեց Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերոն, չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, Առեւտուրի եւ զարգացման խորհուրդի 75-րդ գործադիր նստաշրջանի ընթացքին։

Ծառայել Ժողովուրդներուն շահերուն

հրաւիրելով բազմապատկելու բոլոր ջանքերը՝ դիմակայելու համար համաշխարհային ֆինանսական կառուցուածքային թուլութիւնները, որոնք կը նպաստեն անհաւասարութիւններու վատթարացման եւ պարտքի ճգնաժամերու հետեւանքները, Առաքելական նուիրակը յիշեցուց զարգացումի ուղղուած բարոյական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը, «ծառայելու համար ժողովուրդին շահերուն եւ ընդհանուր բարիքին», նկատել տալով որ անիկա կ՝ենթադրէ ամենաղքատ երկիրներու «արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը» որոշումներուն կայացման գործընթացքին, դիւրացնելով անոնց մուտքը շուկաները, օգտուելով նաեւ բնապահպանական առաջնահերթութիւնները զարգացման հետ «հաշտեցնելու հնարաւորութենէն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2024, 13:45