Քահանայապետական Տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալասմեսսա Քահանայապետական Տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալասմեսսա

Հոգևոր կրթութիւն` օրական խորհրդածութիւն մը ընկերային ցանցերու վրայ Կարդինալ Քանթալամեսսայի հետ

Քառասնորդաց շրջանին ի տես Քահանայապետական Տան քարոզիչ` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան Հոգեւոր Կրթութեան որպէս մտածականի նիւթ` մէկ վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդածութիւններ կը ներկայացնէ որոնք պիտի տարածուին ընկերային ցանցերուն վրայ։ Առաջին խորհրդածութեան նիւթն էր. Կեանքի երջանկութիւնը փնտռել Աստուծոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ընթացիկ շաբթուան ընթացքին, մինչ՝ Ֆրանչիսկոս Պապն ու Հռմի Քուրիայի իր համագործակիցները առանձնական կերպով կը կատարեն Քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնները «Վատիկան Նիուզը» ամէն օր՝ 19էն մինչեւ 24 փետրուար, իր ընկերային ցանցերու` Իքս, Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ եւ Վաթսափ-ի վրայ կ՜առաջարկէ Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի խորհրդածութիւն ները, որոնք ունին միայն մէկ վայրկեան տեւողութիւն։

Արդարեւ Կիրակի 18 փետրուարին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն յետոյ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր հաւատացեալները հրաւիրած էր, որ «այս Պահքի շրջանին եւ Յոբելենական Սուրբ Տարուան նախապատրաստական այս տարուան ընթացքին՝ որ նուիրուած է աղօթքի, յատուկ ժամանակ յատկացնեն՝ Տիրոջ ներկայութեամբ հաւաքուելու համար։ Ան նաեւ տեղեկացուցած էր որ այս շաբթուայ ընթացքին Ինք եւ Հռոմի Քուրիայի անդամները առանձնական կերպով պիտի ամփոփուին հոգեւոր կրթութիւն կատարելու։

Երկուշաբթի, 19 փետրուարին, հոգեւոր կրթութեան առաջին օրը, «Վատիկան Նիուզ»ը առաջարկեց Քահանայապետական Տան քարոզիչին մէկ վայրկեան տեւողութեամբ առաջին խորհրդածութիւնը, որ կը կեդրոնանայ Յիսուսին «ի՞ նչ կուզէք» հարցումին վրայ, յիշեցնելով աշակերտներուն պատասխանը «Վարդապետ ո՞ ւր կը բնակիս» ու Յիսուս կը պատասխանէ«Եկէ՛ք եւ տեսէք»։(Յովհ 1, 38-39)

«Այս պահուն մեզի կը հետաքրքրէ Յիսուսին «ի՞ նչ կը փնտռէք», հարցումը» ըսաւ Հայր Քանթալամեսսան հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու թէ «ի՞ նչ բան կը փնտռենք մեր կեանքին մէջ»։ «Եթէ անմիջապէս պատասխանը չգտնես, ես քեզի կ՝առաջարկեմ զայն» յարեց Քարոզիչը. «Դուն կը փնտռես այն ինչ` որ բոլորը կը փնտռեն՝ երջանկութիւնը»։

«Ֆրէօտէն առաջ Սուրբ Օգոստինոս հասկցած էր այդ մէկը ըսելով «Ամէնքս կ՝ուզենք երջանիկ ըլլալ», եւ ի տարբերութիւն Ֆրէօտին, Սուրբ Օգոստինոսը կը ներկայացնէր այդ ընդհանուր մղումին պատճառները. խոստովանութիւններուն սկիզբը Ան Աստուծոյ կ՝ըսէ «դուն մեզ ստեղծեցիր քեզի համար եւ մեր սիրտը անհանգիստ է մինչեւ որ քու մէջդ չհանգչի»։

«Դուն քեզ քննէ, քոյր եղբայր, եւ տես եթէ քու շատ մը անհանգստութիւններուդ եւ տխրութիւններուդ բացատրութիւնը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ որ դուն ջուր փնտռեցիր ճեղքուած ջրամբարին մէջ փոխանակ զայն փնտռելու կենդանի ջուրի ակունքին մէջ որ Աստուած է ( Երեմիա 2, 13)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 10:55