Քահանայապետական տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալամեսսա Քահանայապետական տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալամեսսա 

«Գնա՛ եւ ասկէ վերջ մի մեղանչեր»Կարդինալ Քանթալամեսսայի մեծ Պահքի հոգեւոր կրթութեան չորրորդ մտածականը

19էն մինչեւ 24 փետրուար, «Վատիկան Նիուզ»ը ամէն օր՝ իր ընկերային ցանցերու` Իքս, Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ եւ Վաթսափ-ի վրայ կ՜առաջարկէ Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի մէկ վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդածութիւնները։ Կը ներկայացնենք քահանայապետական տան քարոզիչին երկրորդ եւ երրորդ օրուան խորհրդածութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական Տան քարոզիչ, կարդինալ Քանթալամեսսան Վատիկան Նիուզի միջոցաւ այս շաբթուայ ընթացքին կը ներկայացնէ հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու շարք մը։ Այսօր՝ հինգշաբթի, 22 փետրուարին ան ներկայացուց չորրորդ օրուան մտածականի նիւթը։

«Յիսուսի այսօրուայ ընկալելիք խօսքը, այն խօսքն է զոր ուղղեց շնացող կնոջ, երբ զինք մեղադրողները անհետացան. «Ո՛վ կին, ո՞ւր են, ո՞չ մէկը քեզ դատապարտեց»։ «Ո՚չ, Տէր», պատասխանեց կինը։ «Ես ալ չեմ դատապարտեր», ըսաւ Յիսուս. «Գնա՛ եւ ասկէ վերջ մի մեղանչեր» (Յովհաննէս 8, 10-11)։

«Ասկէ վերջ մի մեղանչեր»։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս, երբ ինքզինք լաւ կը քննէ կ՝անդրադառնայ որ իր գործած շատ մը մեղքերուն կողքին, կայ տարբեր մը՝ ուրիշներէն։ Դա կը վերաբերի այն մեղքին, որուն քիչ մը թաքուն կապուած է, որ կը խոստովանի, բայց առանց իսկական կամքը ունենալու՝ «հերիք» է ըսելու։

Սուրբ Օգոստինոս, «Խոստովանութիւններուն» մէջ մեզի կը նկարագրէ զգայականութեան մեղքէն ազատուելու իր պայքարը։ Եղաւ պահ մը, ուր ան կ՝աղօթէր ըսելով Աստուծոյ. «Շնորհէ ինծի ողջախոհութիւն եւ զսպուածութիւն..., սակայն,  կ՝աւելնար ձայն մը, « ո՛չ անմիջապէս Տէր»։ Եղաւ ժամանակ մը ուր ինքն իրեն յանդիմանեց, «Ինչո՞ւ վաղը, վաղը եւ ոչ թէ հիմա։ Բաւական է որ ան Հերիք է ըսած ըլլար ինքզինք ազատ զգալու համար։

Շօշափելի կերպով ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պէտք է, որ պահ մը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մենք մեզ դնել ըսելով. « Տէր, դուն լաւ կը ճանչնաս իմ տկարութիւնս։ Ուստի բացառապէս վստահելով քու շնորհքիդ, քեզի կ՝ըսեմ, որ ասկէ վերջ, կ՝ուզեմ ապրիլ առանց այն գոհունակութեան, այն ազատութեան, այն վրդովմունքի, այդ ֆինանսկանան խաբէութեան, մէկ խօսքով, այն մեղքէն, որ ես եւ դուն լաւ կը ճանչնանք։

«Հե՛րիք» է կ՝ըսեմ եւ կու գամ ստանալու քու սուրբ խոստովանքի ներումը։ Կրնամ նաեւ փորձութեան ենթարկուիլ, կրնամ վերջը նաեւ նորէն իյնալ, սակայն Աստուծոյ համար բան մը փոխուած է. Քու ազատութիւնդ դիրքորոշուեցաւ իր հետը։ Այժմը երկու հոգի էք պայքարելու համար միեւնոյն թշնամիին դէմ ։Պիտի տեսնես, թէ որքան աւելի գեղեցիկ է ապրիլ մեղքի ստրկութենէն ազատ, Աստուծոյ եւ քու աձիդ հետ խաղաղութեան մէջ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2024, 10:28