Տատիկ-պապիկ եւ տարեցներու Դ համաշխարհային օրուան թեման` «Ծերութեան ժամանակ ինձ մի լքեր» (Սաղմ. 71,9)
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի վատիկանեան Վերատեսչութիւնը այսօր` Հինգշաբթի 15 Փետրուարին հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ յայտարարեց յառաջիկայ Յուլիս ամսուան մէջ յիշատակուող Տատիկ-պապիկ եւ տարեցներու Դ համաշխարհային օրուան թեման։
Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. «Կիրակի 28 Յուլիս 2024 պիտի յիշատակուի տատիկ պապիկներու եւ տարեցներու Համաշխարհային Օրը, որուն այս տարուայ որպէս բնաբան Քահանայապետը ընտրեց «Ծերութեան ժամանակ ինձ մի լքեր» (Սաղմ. 71,9) սաղմոսերգուին խօսքը, որով կ՛ուզէ ընդգծել թէ ինչպէս առանձնութիւնը, դժբախտաբար, բազմաթիւ տարեցներու կեանքին դառն ուղեկիցն է որոնք, յաճախ, թիրախ են մնացորդացի մշակոյթին։
Յոբելեանի նախապատրաստման տարուան մէջ, որ Սրբազան Հայրը ուզեց նուիրել աղօթքին, օրուան թեման քաղուած է 71-րդ Սաղմոսէն, ծերունիի մը կոչը, որ կը վերյիշէ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութեան պատմութիւնը:
Օրուան տօնակատարութիւնը, արժեւորելով տատիկ պապիկներու և տարեցներու խարիզմներն ու անոնց ներդրումը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, նպատակ ունի խրախուսել իւրաքանչիւր եկեղեցական համայնքի յանձնառութիւնը սերունդներու միջև կապեր հաստատելու և միայնութեան դէմ պայքարելու, գիտակցելով, որ Սուրբ Գիրքին համաձայն, «Մարդուն համար լաւ չէ մինակ մնալը» (Ծննդոց 2:18)»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ