2024.02.08   ARGENTINA - BUENOS AIRES - MONS. JORGE GARCIA CUERVA

Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը. Արժանթինը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին` իր հովիւին

Պապին հնարաւոր ճամբորդութիւնը դէպի հայրենի երկիր, Արժանթինի առաջին սուրբ Մամա Անթուլայի կերպարը, անոր ժառանգութիւնն ու կարևորութիւնը եղան Գերապայծառ Խորխէ Ինիացիօ Կարսիա Քուրեվային Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շօշափուած նիւթերը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վստիկան

«Մամա Անթուլան անհանգիստ կին է, որ կը յուսանք մեզ ալ դարձնէ անհանգիստ քրիստոնեաներ և մեզ մարմնացնել տայ իսկապէս դէպի դուրս եկեղեցիի մը իրականութիւնը այնպէս ինչպէս որ մեզմէ կը խնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապը» Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Խորխէ Ինիացիօ Կարսիա Քուրեվային խօսքերն են ասոնք որ Վատիկան Նիուզ – Ռատիովատիկանին կը բացատրէ յառաջիկայ կիրակի օր Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի ունենալիք սրբադասման արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ, որուն ընթացքին սուրբ պիտի հռչակուի Երանելի Մարիա Անթոնիա Տէ Սան Խօսէ Փազ ի Ֆիկուերոյան, ճանչցուած որպէս Մամա Անթուլա, որ նկատուած է նաեւ Արժանթինի առաջին սրբուհին եւ «պարգեւ Արժանթինին», որ «այս պահուն կ՛ապրի դժբախտ իրողութիւն» ի տես տարածուած գնաճի եւ աղքատութեան։

Արժանթինի Մայրաքաղաքի Արքեպիսկոպոսը կը խօսի ապա Ֆրանչիսկոս Պապին Արժանթին կատարելիք հաւանական ճամբորդութեան ու այս առնչութեամբ կը հաստատէ, թէ ան պիտի ըլլայ մեծ ուրախութիւն մը բոլորին համար. «Ինծի համար ասիկա կը նշանակէ Հովիւի մը հանդիպումը իր հօտին հետ. Շատ են արդարեւ անձերը, որոնք իղձ ունին հետը հանդիպելու» ըսաւ հարցազրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Կարսիա Քուրեվան նկատել տալով նաեւ թէ «Ֆրանչիսկոս տիպարը ճանչցուած է համայն աշխարհին մէջ ան համաշխարհային ղեկավար է, բայց մենք «արժանաթինցիներս թոյլ չտուինք` որ Պերկոլիոն դառնայ Ֆրանչիսկոս ու միշտ ալ զայն ներգրաւեցինք մեր բանավէճերուն ու մեր մեր մասնակի բաժանումներուն մէջ»։

Պուէնըս Այրէսի առաջնորդը ապա մեկնաբանեց Քահանայապետին քառասնորդացի պատգամը, որուն բնաբանն է «Աստուած անապատի ընդմէջէն մեզ կ՛առաջնորդէ ազատութեան» նշելով, որ Սրբազան Պապը իր այս պատգամին մէջ կը հաստատէ, թէ անապատի ուղեւորութեան մէջ մենք պէտք է նաեւ կանգ առնենք, ու թէ կանգ անելը եւս մաս կը կազմէ ուղեւորութեան։ «Մենք պէտք է կանգ առնենք խորհելու համար, ունկնդրելու համար` մեր սրտին խորքին մէջ արձագանգող Աստուծոյ ձայնը, որպէսզի թոյլ չտանք որ յորձանուտին շարժականութիւնը մեզ սպառէ։ Ուստի լաւ է քառասնորդացի այս շրջանին կանգ առնելը» ըսաւ Գերապայծառ Կարսիա Քուրեվան։

Ան ապա անդրադարձաւ Արժանթինի մէջ ապրուած այսօրուայ իրավիճակին ու Երկրին դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրներուն, ուր աղքատութեան չափանիշը 40 առ հարիւրէն աւելի է, եւ Եկեղեցին եւս դժուարութիւն ունի հոգ տանելու աղքատ եղբայրներու եւ քոյրերու կարիքներուն։ Այս առընչութեամբ Եկեղեցականըառաջարկեց կլոր սեղանի շուրջ համախմբել բոլոր պատասխանատուները, ըլլան անոնք կառավարական, քաղաքացիական ու կրօնական, որպէսզի միասին քննարկեն առաջարկներ, լուծումներ գտնելու համար հարցերուն։

Եկեղեցին եւս ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը ըստ Արքեպիսկոպոսին, եւ ան պէտք է օգնէ արժանթինի ժողովուրդին չի յանձնուելու եւ շարունակելու կառչիլ յոյսին ու նաեւ ուրախութեան այն համոզումով որ Աստուած մեզ չէ մոռցած ու մեզի կ՛ընկերանայ։

Գերապայծառ Կարսիա Քուրեվան հուսկ հաստատեց թէ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ստեղծագործ այնպէս ինչպէս կը պահանջէ Ֆրանչիսկոս Պապը, պէտք է ըլլայ քաջ եւ Աւետարանը քարոզէ անվախ` նման Մամա Անթուլային որ իր մէջ մարմնացուց միսիոներական այս հոգին։ «Անոր կեանքի օրինակը պէտք չէ մնայ միայն խորաններուն վրայ այլ պէտք է մարտահրաւէր դառնայ մեզի արժանթինցիներուս» ըսաւ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2024, 10:00