«Զբօսաշրջիկէն` ուխտաւոր» կայքէջը պիտի պատմէ ուխտագնացութեան փորձառութիւնը Քահանայապետական Պազիլիքաներէն ներս
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հաղորդակցութեան Վերատեչութեան կողմէ ընտրուած խումբ մը երիտասարդ հաղորդակիցներու հետ միասին ապրած փորձի ծիրէն ներս, 22 Փետրուար 2024ին ծնաւ «Զբօսաշրջիկէն ուխտաւոր», փոքրիկ կայքէջը՝ նպատակ ունենալով հաւատացեալներուն ուղեկցիլ որպէսզի անոնք իրենք զիրենք ոչ միայն «զբօսաշրջիկներ» այլեւ «ուխտաւորներ» բացայայտեն ճամբորդութեան ընթացքին:
"Faith Communication in the Digital World" (comunicazione.va) ծրագիրի շրջանակէն ներս, 10 տարբեր երկիրներու 16 երիտասարդ մասնագէտներ՝ փորձագէտներու ուղեկցութեամբ, կարողացան բացայայտել Քահանայապետական Պազիլիքաները ոչ միայն որպէս ճարտարապետական յուշարձաններ, այլեւ որպէս հաւատքի կենդանի վկայութիւն: Այս փորձառութեան արդիւնքը եղաւ վերոնշեալ բազմալեզու փոքրիկ կայքը՝ օգնելու երիտասարդ հանդիսատեսին թուային առաջարկի միջոցաւ բացայայտելու Պազիլիքաները։ Ծրագիրի հեղինակները համոզուած են, որ․«որքան աւելի շատ կարողանանք հասկնալ մեր հաւատքի ակունքները, այնքան աւելի լաւ կրնանք փոխանցել Աւետարանի պատգամը՝ մարդկանց սրտերուն դպչելու համար»:
«Սեղան նստիլ» սուրբերու ու արուեստագէտներու հետ
Կայքէջի այցելուները կ’ողջունուին եւ կը հրաւիրեն «սեղանի շուրջ նստիլ» սուրբերու եւ արուեստագէտներու կերպարներէն, որոնց կեանքն ու ստեղծագործութիւնները ձևաւորած են այս խորհրդանշական վայրերը: Տուեալ պարագային սեղանը, ոչ թէ ուտելիքի, այլեւ հայեացքներու, պատմութիւններու, փորձառութիւններու փոխանակման ընդհանուր տարածք մըն է, որ կը հրաւիրէ մեզ պահ մը կանգ առնել եւ ժամանակ տրամադրել կարճ մտորումներու համար:
Փոտքասթ
Փորձառութիւնը փոխանցելու համար ընտրուած գործիքը ձայնն է. անոնք, որոնք ամէն օր կ’ընդունին ուխտաւորները՝ արուեստի համադրողներ, պեղումներու եւ վերականգնողական աշխատանքներու պատասխանատուներ, ուսուցիչներ եւ կրօնաւորներ, իրենց ձայնի ջերմութեամբ կը պատմեն այդ սուրբ վայրերու հետ կապուած պատմութիւնները: «Զբօսաշրջիկէն ուխտաւոր»ը այդպիսով է, որ կը դառնայ նաեւ փոտքասթ։
Այնպէս ինչպէս «ուխտաւոր-հաղորդակիցները»՝ կայքէջի այցելուն իր հերթին կը հրաւիրուի, ընկերային ցանցի սեփական էջերու միջոցաւ կիսել իր փորձը՝ թողելով իր անձնական վկայութիւնները՝ ըլլայ իրական ըլլայ թուային, #FromTouristToPilgrim հեշթեկի միջոցաւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ