Ռատիօ Վատիկանի  ձայնագրութեան մէկ սենեակը Ռատիօ Վատիկանի ձայնագրութեան մէկ սենեակը 

Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրութեան տարեդարձը

«Լսեցէ՛ք, ո՛վ կղզիներ, և ունկնդրեցէք, ո՛վ հեռաւոր ժողովուրդներ», ըսաւ այդ օր Քահանայապետը «Qui arcano Dei» ռատիօ պատգամին սկիզբը մինչ Ռատիոյի գիւտարար Մարքոնին կը յայտարարէր. «Մօտ քսան դար շարունակ Հռոմի Քահանայապետը իր աստուածային վարդապետական խօսքը լսելի դարձուցած է աշխարհին, բայց այս առաջին անգամն է, որ անոր կենդանի ձայնը կարող է հնչել ու միաժամանակ լսելի ըլլայ Երկրի ողջ մակերեսին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

93 տարիներ առաջ` 12 Փետրուար 1931ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետը եւ նոյնինքն Ռատիոյի գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնին, առաջին անգամն ըլլալով Վատիկանի ձայնասփիւռէն եթեր ուղարկեցին առաջին հաղորդումը, ծնունդ տալով «Ռատիօ Վատիկանին», որ գրեթէ մէկ դարէ ի վեր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ ի սպաս Աւետարանի եւ Քահանայապետական Վարդապետութեան տարածումին։

«Լսեցէ՛ք, ո՛վ կղզիներ, և ունկնդրեցէք, ո՛վ հեռաւոր ժողովուրդներ», ըսաւ այդ օր Քահանայապետը «Qui arcano Dei» ռատիօ պատգամին սկիզբը մինչ Ռատիոյի գիւտարար Մարքոնին կը յայտարարէր. «Մօտ քսան դար շարունակ Հռոմի Քահանայապետը իր աստուածային վարդապետական խօսքը լսելի դարձուցած է աշխարհին, բայց այս առաջին անգամն է, որ անոր կենդանի ձայնը կարող է հնչել ու միաժամանակ լսելի ըլլալ Երկրի ողջ մակերեսին վրայ»։

1931 թուականի փետրուարի 12-ն պարզ օր մըն էր, որ յատկանշուեցաւ թոյլ հիւսիսային քամիով: Ժամը 16-ի մօտերը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող` Ռատիոյի շէնքին դիմաց շարուած էին Զուիցերացի եւ Քահանայապետական Պահակներու պահակագունդերը։

Բարձրախօսը տեղադրուած էր ձայնա-ուժեղացուցիչի սենեակին մէջ։ Պիոս ԺԱ-ը այնտեղ հասաւ երեկոյեան 4.15 անց: Մուտքի մօտ զինք դիմաւորեց Կուլիելմօ Մարքոնին եւ Յիսուսեան հայր Ճուզեփփէ Ճանֆրանչեսքին` Վատիկանի ռատիոյի առաջին տնօրէնը։ Առաջին «խօսողը» եղաւ Մարքոնին ապա խօսք առաւ Պիոս ԺԱ Պապը, որուն ձայնը տարածուեցաւ համայն աշխարհ ու պատմութեան մէջ։

Այս պատմական եղելութենէն մի քանի տարիներ ետք` 13 Փետրուար 1946ին, եթեր ուղարկուեցաւ նեաւ ՄԱԿ-ի Ռատիոյի առաջին յայտագիրը եւ այդ թուականը յիշելու համար ԵՈՒՆԵՍՔՈՆ սահմանեց Ռատիոյի Համաշխարհային Օրը, որ ամէն տարի կը յիշատակուի ճիշտ 13 Փետրուարին, եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է. «Տեղեկացնելու, զուարճացնելու և կրթելու դար մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 09:30