2024.02.03 Battesimo

Խորհուրդներու վաւերականութեան համար կարելի չէ փոխել բանաձևերը

Ծիսակատարութիւններու չարաշահումներու շարունակականութեան ի տես, «Gestis verbisque» նշումով, Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը կը վերահաստատէ, որ իւրաքանչիւր խորհուրդի մէջ հաստատուած ծիսական բառերն ու տարրերը կարելի չէ փոխել, հակառակ պարագային խորհուրդը անվաւեր է
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութիւնը հրապարակեց “Gestis verbisque” տիտղոսով փաստաթուղթ մը, որ քննարկուած ու վաւերացուած է Վերատեսչութեան ընդհանուր ժողովին մասնակցող կարդինալներէն ու եպիսկոպոսներէն եւ վերավաւերացուած նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որով կը հաստատուի` թէ Խորհուրդներու մատակարարման ծիսական բանաձևեր և նիւթական տարրերը կարելի չէ փոխել, յանուն ստեղծագործութեան։ Այլապէս խորհուրդը անվաւեր կը դառնայ։

Այս ուղղութեամբ վերոնշեալ Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Ֆերնանտէսը բացատրութիւններ ներկայացուցած է յայտնելով, որ շատ անգամ ծիսակատարութեան բանաձեւերուն մէջ փոփոխութիւնները, յատկապէս հայող սուրբ մկրտութեան խորհուրդին, ստիպած են, որ եկեղեցական իշխանութիւնը անգամ մը եւս մատակարարէ այդ խորհուրդը։

Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի երաշխաւորուելու Աստուծոյ ներգործութիւնը ու պահպանելու Քրիստոսի մարմնին միութիւնը...Ան ապա գիտակից է թէ Աստուծոյ շնորհքը մատակարարելը չի նշանակեր իւրացնել զայն, այլ դառնայ Սուրբ Հոգիին գործիքը, Քրիստոսի պարգեւը փոխանցելուն մէջ։ Եկեղեցին «Խորհուրդներու մատակարարման ժամանակ ժամանակ պէտք է պահպանէ այն փրկարար արարքները, որոնք Յիսուսը վստահած է անոր» կը հաստատէ Կարդինալ Ֆերնանտէսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2024, 12:00