TOPSHOT-ARMENIA-RUSSIA-POLITICS-NAVALNY-OBIT

Նավալնիի մահը մեզի ցաւ կը պատճառէ. Կարդինալ Փարոլին

Կարդինալ Փարոլինը, Լիտվայի Պետութեան վերականգնման 106-րդ տարեդարձին նուիրուած «Gesù» եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ծիրէն ներս մեկնաբանելով ռուս այլախոհի մահը ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ հարցը այլ կերպով կլուծուի»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ալեքսի Նավալնիի մահուան լուրը մեզ «ցաւով կը լեցնէ» ու կը «զարմացնէ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ի լուր 47 ամեայ ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հակառակորդ` Ալեքսի Նավալնիի մահուան, որ պատահեցաւ 16 Փետրուարին, ռուսական մէկ բանտի մը մէջ, ուր ան դատապարտուած էր 19 տարուայ բանտարկութեան։

Ծիրանաւորը այս խօսքերը արտասանեց Հռոմի «Յիսուս» Եկեղեցւոյ մէջ Լիտվայի Պետութեան վերականգնման 106-րդ տարեդարձին նուիրուած պատարագի ծիրէն ներս։

«Ես կը կարծէի թէ հարցը այլ կերպով կը լուծուէր։ Կը ցաւիմ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը Եկեղեցիէն դուրս լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ հանդիպումի մը ընթացքին։

Մինչ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ան հրաւիրած էր աղօթելու խաղաղութեան համար։

«Որքան պէտք ունինք խաղաղութեան, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի ու աշխարհի այլ վայրերուն մէջ» ըսաած էր Ծիրանաւորը, աւելցնելով, թէ` որպէս հաւատացեալներ, որոնք  Յիսուսին անունը կը հայցեն, մենք «պէտք չէ դադրինք հաւատալէ, որ խաղաղութեան հրաշքը կարելի է», այս առնչութեամբ մէջբերելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը` թէ «պատերազմը միշտ ալ մարդկութեան պարտութիւնն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 08:32