Գերապայծառ Ֆերնանտօ Արելլանօ Գերապայծառ Ֆերնանտօ Արելլանօ 

Գերպ Քիքա Արելլանօ. Միայն խաղաղութիւնն է որ կրնայ ջնջել աղքատութեան մղձաւանջը

ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ելոյթ ունեցաւ Ամմանի մէջ գումարուած մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանային համաժողովին 37-րդ նստաշրջանին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անկայունութեան բազմաթիւ տարրերուն հակազդելու համար՝ ինչպէս զինուած հակամարտութիւնները, կլիմայի փոփոխութիւնները եւ բնական հարստութիւններուն աստիճանական փլուզումը, որոնք կ՝աճեցնեն խոցելիութիւնն եւ պարենային անապահովութիւնները, պէտք է որ «միասին բոլոր մակարդակներով դիմակայենք աղքատութեան խնդիրը, որ սերտօրէն կապուած է համապատասխան սնունդի պակասութեան հետ»։ Այս մասին յայտնած է ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայունդ դիտորդ գերապայծառ Ֆերանտօ Քիքա Արելլանոն, Ամմանի մէջ գումարուած մերձաւոր Արեւելքի համար տարածաշրջանային համաժողովին ընթացքին։

Քահանայապետական ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ կրկնած է միջամտութիւններուն կարեւորութիւնը, որոնք կը նպաստեն «անօթութեան եւ թերսնման ամբողջական վերացման»։

Հետեւաբար Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը հրամայական նկատած է , «Ճգնաժամերը զսպելու միջոցառումները, նախ քան որ անոնք դառնան մարդասիրական արտակարգ իրավիճակ» սակայն ապահովուելու համար այդ ծրագիրները, «Էական կը մնայ աշխատիլ խաղաղութեան համար»։ Ան ելոյթը աւարտած է հաստատելով, որ լոկ խաղաղութիւնը կրնայ «ոչնչացնել աղքատութեան եւ թշուառութեան մղձաւանջը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2024, 09:46