Գերպ. Կալլակէր. Այս բեկոր բեկոր համաշխարհային պատերազմին մէջ պահանջը կայ իսկական քրիստոնեաներու
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր 28 Փետրուարէն մինչեւ շաբաթ 2 Փետրուարին մեկնած է Թուրքիայ, ուր կը մասնակցի «Antalya Diplomacy Forum»ի` միջազգային դիւանագիտութեան տարեկան համաժողովին, որ 2021էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ մէջ համախմբելով քաղաքական, դիւանագիտական ու ակադեմիական ասպարէզի անձնաւորութիւններ մտքեր փոխանակելու դիւանագիտութեան, քաղաքականութեան ու գործարքներու մասին։
Իր կեցութեան ընթացքին Գերապայծառ Կալլակէրը 29 Փետրուարին Սուրբ Պատարագ մատոյց Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կ. Պոլսոյ Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքը ու մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Գերյ. Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը։
Առաջադէմ դիւանագիտութիւնը խռովութեան ժամանակներու ընթացքին
2 Մարտին Վատիկանի արտաքին գործերու ներկայացուցիչը պիտի մասնակցի «Առաջադէմ դիւանագիտութիւնը խռովութեան ժամանակներու ընթացքին» խորագիրով Դիւանագիտական ֆորումի աշխատանքներուն, որուն մտադրութիւնն է ընդհանուր անկարգութիւններու ֆոնին որոնել խաղաղ ճանապարհներ: Միջամտութիւններու, կլոր սեղաններու և ցանցային հնարաւորութիւններու միջոցաւ ժողովականները պիտի անդրադառնան ժամանակակից հարցերու, ինչպիսիք են, շարունակուող պատերազմները, ահաբեկչութիւնը, ներգաղթը, գեղապաշտութիւնը և այլատեացութեան աճը, կլիմայի փոփոխութիւնն ու աղէտները, բնական կենսամիջոցները, համաճարակները, հուսկ արհեստական բանականութեան անսպասելի վտանգները:
Խռովութիւններ` որոնց դիմաց Քրիստոնեաները կանչուած են իրենց սատարը տալու խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքին ի սպաս։ Գերապայծառ Կալլակէրը այս մէկը ընդգծեց Իսթանպուլի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին, որ նուիրուած էր Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան տասնմէկերորդ տարեդարձին։
Եկեղեցին միասնութիւն է բազմազանութեան մէջ
«Մենք կոչուած ենք ամէնէն առաջ ըլլալու իսկական քրիստոնեաներ, կարող առաջնորդուելու Սուրբ Հոգիէն, առանց իյնալու անոր դիմադրելու փորձութեան մէջ։ Սուրբ Հոգին, ինչպէս գիտենք, կը խաթարէ մեր ծրագիրները և յառաջ կը տանի Եկեղեցին: Որովհետև Եկեղեցին միասնութիւն է բազմազանութեան մէջ», ընդգծեց արքեպիսկոպոսը։
Ան ի միջի այլոց ուրախութիւն յայտնեց հանդիպելու կաթողիկէ հասարակութեան հետ, այդ երկրին, որ «Նոր Կտակարանի սուրբ երկիր է», վայր` առաջին Տիեզերական Ժողովներուն։ «Որպէս քրիստոնեաներ մենք մաս կը կազմենք Աստուծոյ զաւակներու նոյն ընտանիքին կը կիսենք նոյն հաւատքը Քրիստոսի մէջ ու Անոր հիմնած Եկեղեցւոյ ներքոյ։ Յառաջ ընթանանք միասին» եղաւ Գերապայծառ Կալլակէրին հրաւէրը։
Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700 ամեակը
Ան առ այդ ակնարկեց Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700 ամեակին նշումին զայն նկատելով պատեհ առիթ մը ու յոյս յայտնելով որ այդ տարեդարձը «ամրապնդէ բոլոր քրիստոնեաներուն հաւատքը»։
Կալլակէրը ապա հրաւիրեց կատարել Աստուծոյ կամքը ու մենք մեզ դնել ուրիշներու ծառայութեան տակ, փոքրանալով, նման «մեր Տիրոջ որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու»։
Վատիկանի դիւանագէտը քարոզը աւարտեց վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը 2014ին Իսթանպուլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին. «Եկեղեցին ու միւս Եկեղեցիները եւ եկեղեցական հասարակութիւնները կոչուած են թոյլ տալ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն, ու միշտ բաց մնալ Անոր, հլու եւ հնազանդ։ Ան է Եկեղեցւոյ մէջ ներդաշնակութիւն բերողը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ