Մանուկներու համաշխարհային օր. «Խաղաղութեան համար անմեղութեան երկու օրեր»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հռոմի «Օլիմիքօ» մարզադաշտին մէջ ներկայացուեցաւ յառաջիկայ 25-էն 26 մայիսին նշուելիք մանուկներուն համաշխարհային օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն օրակարգը. առաջին օրը նուիրուած է վկայութիւններու եւ հանդէսներուն, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացութեամբ։ Իսկ երկրորդ օրը կիրակի 26 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիսապետութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Մինչեւ այսօր, երեք շաբաթներուն ընթացքին ստացուած են 57 հազար գրանցում։
Միջոցառումներու օրակարգի ներկայացման ընթացքին, «Անթոնիանօ» անուան երգչախումբի մանուկները ներկայացուցին իրենց նուիրուած քայլերգը, «Մե՛նք ենք ուրախութիւնն ու յոյսը։ Մենք աշխարհին նորութիւնն ենք։ Մենք կը բերենք խաղաղութեան եւ ժպիտի երգը, անոնց որոնք այլեւս չ՝ունին» նշուած է քայլերգին մէջ։
Մանուկներուն համաշխարհային օրուան նուիրուած միջոցառումներուն համակարգող, Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյի յայտնեց, որ մինչեւ այսօր երեք շաբաթներու ընթացքին պաշտօնապէս արձանագրուած են աւելի քան 57 հազար գրանցումները։ « Սա սիրոյ փոթորիկ մըն է» որ տեղի պիտի ունենայ այդ անմեղութեան երկու օրերուն, ըսաւ Հայր էնզօ դիտել տալով, որ որ ինք ապշած մնաց ամբողջ աշխարհէն եկած վկայութիւններու համար, եւ ֆրանչիսկոս Պապ հիմնելով այդ օրը մարգարէական եղած է։
Ցարդ նախատեսուած է, որ 60 երկիրներէն ժամանած մանուկներ մասնակցին մանուկներու համաշխարհային օրուան միջոցառումներուն, այդ երկիրներուն շարքին են նաեւ , Աֆկանիստանը, Քոնօն, Եւթոպիա, Էրթրէա եւ Սուիրան։
Սան էճիտիօ հասարակութեան նախագահ, Մարքօ Իմփալիացցօ իր կարգին դիտել տուաւ որ մանուկներու համաշխարհային օրուան ձեռնարկը բաց պիտի ըլլայ բոլորին եւ ոչ թէ փակ ու ներկայ պիտի գտնուին ոչ միայն քրիստոնեայ մանուկները նաեւ իսլամ եւ այդ դաւանանքի պատկան մանուկներ։
«Բոլոր մանուկները պէտք է ներառուին, յատկապէս առաւել խոցելիները եւ պատերազմի զոհերը, ըսաւ Իմփալիացցոն նկատել տալով, որ մանուկներու համաշխարհային օրուան նպատակն է յոյս ներշնչել աշխարհին։
Մանուկներու համաշխարհային օրը սկիզբ կ՝առնէ յառաջիկայ 25 մայիսին, Հռոմի Օլիմփիքօ մարզադաշտին մէջ ժամը երեքէն մինչեւ վեց երեկոյեան ։ Առաջին երկու ժամերուն պիտի տրուին վկայութիւններ եւ ներկայացուին հանդէսներ, մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ արուեստագէտներուն։
Իսկ կիրակի 26 մայիսին, երկրորդ օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիսապետութեամբ կը մատուցուի սուրբ Պատարագ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ