«Կորսուած» պատմական զանգակը կը վերադառնայ Մարիա Մաճորէ տաճար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Եօթը ապրիլին պիտի ցուցադրուի Վատիկանի Թանգարաններու մէջ ցուցադրուած եւ 21 մարտ 2024ին, Մարիա Մաճորէ տաճար փոխադրուած «Կորսուած» պատմական զանգակի նոր վայրը։
Այս մշակութային մեծ արժէք ունեցող զանգակը իրականացուած է Նիկողայոս Դ Քահանայապետի օրերուն ապա տեղադրուած է 1376ին կառուցուած նոր աշտարակներու գանգագատունը, որ մինչեւ այսօր Հռոմի կեդրոնէն աենայ բարձր կէտն է։
Աշտարակներու բարձր գագաթէն զանգակը ամէն օր ղօղանջեց իր ձայնը տարածելով ամբողջ քաղաքին մէջ մինչեւ 1884ին, երբ կոտրուածքի պատճառով, քակուեցաւ ապա փոխադրուեցաւ Վատիկանի թանգարանը, Լեւոն ԺԳ Պապին հրամանով։ Որպէս փոխարինում տեղադրուեցաւ նոր զանգակ մը, որ կը վերաբերի այսօրուան «Կորսուած» անունով նոր զանգակին։
Ամէն օր երեկոյեան ժամը 9ին, կարելի է լսել զանգակին ղօղանջը ի յիշատակ այն ուխտաւորին, որ գիշերուան մէջ մոլորուեցաւ եւ շնորհիւ զանգակի ձայնին գտաւ քաղաք վերադառնալու ուղին։
Այսուհետ, «Կորսուած» զանգակի պատմութիւնը պիտի չվերաբերի ոչ միայն կորսուած ուխտաւորին, այլ պիտի վերաբերի միեւնոյն զանգակի պատմութեան, որ 140 տարիներ ետք փոխադրուեցաւ Մարիա Մաճորէ տաճար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ