Խումբ մը կիներ Խումբ մը կիներ  (© Barbara Helgason)

Սուրբ Աթոռը. Հասարակութիւններու մէջ կանայք տակաւին չ՝ունին տղամարդոց միեւնոյն իրաւունքները

Կանանց միջազգային օրուան կապակցութեամբ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստին ընթացքին Վատիկանի մնայուն դէտ գերապայծառ Սէռարօ ընդգծեց, որ կին գործիչներու արժէքը, աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը կառուցման անփոխարինելի դերակատարներ են ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռը կ՝աջակցի կանանց իրաւունքներուն ու կը զարգացնէ։ Ամերիկեան պետութիւններուն կազմակերպութեան «OSA»ի մօտ, Վատիկանեան պատուիրակութիւնը մշտական խորհուրդի արտահերթ նիստի ընթացքին՝ յիշատակելու համար կանանց նուիրուած միջազգային օրը, 6 մարտին ընդգծեց կանանց օրինական իրաւունքներուն պաշտպանութեան աջակցելու կարեւորութիւնը։

Վատիկանի պատուիրակութեան նախագահ, Գերապայծառ Քրուզ Սէռանօ, հաստատեց, որ Սուրբ Աթոռը կը միանայ բոլոր անոնց, որոնք ջանք կը թափեն ընկերութեան եւ եկեղեցական համայնքներուն մէջ կանանց դերակատարութիւնը խթանելու, պաշտպանելով անոնց իրաւունքները ազգերու մէջ։ Ան յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը, «Կինին հանճարը կարեւոր է ընկերային կեանքի բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, հետեւաբար կանանց ներկայութիւնը պէտք է երաշխաւորուի նաեւ աշխատանքի վայրի եւ տարբեր վայրերուն մէջ, ուր կարեւոր որոշումներ կ՝առնուին, ըլլայ եկեղեցւոյ, ըլլայ ընկերային կառոյցներէն ներս»։

Կանացի արիութեան բազմաթիւ վկայութիւններ

«Եկեղեցւոյ մէջ ունինք շատ մը կիներու բազմաթիւ օրինակներ, որոնք նպաստեցին մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ արձագանգեցին պահու կարիքներուն», յայտարարեց Վատիկանի պատուիրակը ու  մէջբերեց որոշ օրինակներ ինչպէս, Իզապէլ Սեթոն, Մայր Քապրինի Միացեալ նահանգներուն մէջ որ խրախուսեց ընկերութեան մէջ աղքատներու համար դպրոցները,  դիտել տալով որ այսպիսի շատ մը քաջ կիները մնացին անանուն, սակայն անոնց յիշատակն ու վճռականութիւնը կը շարունակեն մարտահրաւէրներ ըլլալ նոր սերունդներուն։

Կանայք անփոխարինելի են եղբայրական եւ արդար աշխարհի մը համար

Գերապայծառ Քրուզ Սեռանօ իր ելոյթը աւարտեց մեկնաբանելով, որ Սուրբ Աթոռը կը կարծէ, թէ ընկերութիւններու կազմակերպութիւնը տակաւին հեռու են այն փաստէն, որ կանայք ունին տղամարդոց միեւնոյն արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները, ընդգծեց որ կանայք անփոխարինելի դերակատարներ են՝ աւելի արդար ու աւելի եղբայրական աշխարհ մը կառուցելու համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2024, 12:40