Արք Քաչիա. Գերիշխան շահերը երբեք չեն կրնար արդարացնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Քաչիա ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին 78րդ նիստի ընթացքին արտասանած ելոյթին մէջ հրամայական նկատեց որ պէտք է հասնիլ «համընդհանուր, բազմակողմանի եւ իրաւաբանական պարտադիր փաստաթուղթի եզրակացութեան, որ կը ցանկագրէ գործող սովորուրթային իրաւունքը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, որպէս միջազգային յանցագործութիւն թեմայով, ինչ որ «վստահօրէն կը նպաստէ միջազգային համագործակցութեան, այդ վայրագ արարքներուն կանխարգիլման եւ պատժումի գործին մէջ»։
Գերապայածառ Քաչչիայ յայտնեց, որ ապագային՝ այդ համաձայնութիւնը պիտի կ՝օգնէ միջազգային հանրութեան աւելի լաւ իրականացնելու ընդհանուր բարօրութիւնը։ Ան մաղթեց որ համաձայնագիրին նախաբանին մէջ աւելցուի մարդկային արժանապատուութեան յղումը եւ կանխարգիլման հրամայականը։
Փաստօրէն «մարդու արժանապատուութեան յարգանքի եւ ընդհանուր բարօրութեան խթանման միահիւսուած բարոյական հրամայականները կը հանգեցնեն այն եզրակացութեան, որ գերիշխան շահերը չեն կրնար արդարացնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները» հետեւաբար նշուած յանցագործութիւններու սահմանումը պէտք չէ որ շեղի գոյութիւնը ունեցող սովորութային օրէնքներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ