ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. Վատիկանի դիւանագիտութիւնը և Արևմուտքի ձևաւորումը Պիոս ԺԲ-ի օրօք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 18 եւ ուրբաթ 19 Ապրիլին Հռոմի Յիսուսեաններու Միաբանութեան Գրիգորեան համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Վատիկանի դիւանագիտութիւնը և Արևմուտքի ձևաւորումը Պիոս ԺԲ-ի օրօվ» վերտառութեամբ միջազգային գիտաժողով մը, որուն բացումը կատարեց Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, որ իր զեկոյցը կեդրոնացուց Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան վրայ։
Գիտաժողովը մաս կը կազմէ Պիոս ԺԲ Քահանայապետին նուիրուած շարք մը հանդիպումներու հիմնուած Վատիկանի պատմական արխիւներուն վրայ «որոնք առիթ կ՛ընծայեն – կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ - խորացնելու Սուրբ Աթոռին դիւանագիտական գործունէութիւնը Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրերուն (1939 -1958), սկսեալ Համաշխարհային Բ պատերազմի ողբերգութենէն մինչև համաշխարհային նոր կարգը ոգեւորուած խաղաղութեան ձգտումով, բայց նաեւ անջնջելի կերպով նշանաւորուած խրախուսուող բաժանումներով, որոնք յառաջացան սառ պատերազմի պատճառաւ։
Գիտաժողովի բացման արարողութեան առիթով Գերապ. Կալլակէրի զեկոյցէն առաջ, ողջոյնի խօսք արտասանեց Գրիգորեան համալսարանի Պատմութեան ու Եկեղեցւոյ մշակութային ժառանգութեան մասնաճիւղի Տեքան Հայր Տելիօ Մենտոնսա ապա աշխատանքային նիստերու բացումը կատարեց Համալսարանի Եկեղեցւոյ Պատմութեան Մասնաճիւղի տնօրէն Հայր Ռոպերթօ Ռեկոլի։
Գիտաժողովի ընթացքին զեկոյցներ պիտի ներկայացուին հետեւեալ նիւթերու մասին. Արեւմուտքի կառուցումը, «միւսներուն» Արեւմուտքը, նոր աշխարհակարգի յայտնաբերումը Անգլիա-ամերիկեան ձգողականութեամբ, Եւրոպական Արեւմուտքին կառուցումը, Արեւմուտքը դիտուած Եւրոպայի քաղաքական բաժանումի տեսանկիւնէն, Սուրբ Աթոռին նոր յարաբերութիւնը Ափրիկէի հետ ապա Միջին Արեւելքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ