Հռոմի Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ համալսարանը Հռոմի Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ համալսարանը 

Կարդինալ Փարոլին. Այսօր լիարժէք կերպով ապրիլ այլապէս ապագայ պիտի չ՝ունենանք

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի շնորհաւորական նամակը «Սուրբ Սիրտ» կաթողիկէ համալսարանի նախագահ, Արք Մարիօ Տելիֆինիին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 14 ապրիլին, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ «Սուրբ Սիրտ« կաթողիկէ համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Կաթողիկէ համալսարանի 100րդ օրուան համար», «Ապագայի հարց, երիտասարդները հիասթափութեան եւ փափաքի միջեւ» նիւթով նախաձեռնութիւն մը։ Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին շնորհաւորական նամակ մը ուղղեց յիշեալ համալսարանի նախագահ, Արք Մարիօ Տելիֆինիին։ նամակին մէջ ծիրանաւորը նշեց, որ համալսարանը այն վայրերէն մին է՝ ուր կը թուի թէ ապագան շուտ կը հասնի, «որովհետեւ համալսարանին մէջ կը վերապատրաստուին վաղուան մասնագէտներ ու. կը մշակուին հետազօտութիւններ, որոնցմէ կը բխին մարդկային ընտանիքի առաջընթացքի համար յաճախ ամենավճռական նորարութիւններ»նշեց ծիրանաւորը դիտել տալով, որ «Այսօր կարեւոր ակնկալիքներ կեդրոնացած են ապագային վրայ, սակայն միաժամանակ կարծես, թէ կը կուտակուին սպառնացող խաւարներ ու  երիտասարդները ակադեմական միջավայրէն ներս, յատուկ ուժգնութեամբ կ՝ապրին եւ կ՝ընկալեն այդ լարուածութիւն ու այդ նման հորիզոնին մէջ « կարելի չէ անցեալի բանտարկեալներ դառնալ, եւ ոչ ալ պարզամիտ եւ հապճեպ ձեւով նետուիլ վաղուան մէջ, փոխարէնը պէտք ենք զարգացնել այն գիտակցութիւնը, որ ամէն ինչ կը կատարուի ներկային մէջ, քանի որ իրական ապագայ պիտի չ՝ունենանք ,եթէ մենք այսօր լիարժէք կերպով չենք ապրիլ ներկան»։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ նշեց, որ երիտասարդներուն ներկայէն սկսած ապագան կառուցելու լաւագոյն պայմանները առաջարկելու հրատապութիւնը համալսարանին հիմնադիրներու ոգեշնչումը եղած է « եւ այսօր Կաթողիկէ համալսարանը երկրի լաւագոյն համասպրաններէն մէկն է ու կարեւոր դեր կը ստանձնէ միջազգային մակարդակի վրայ։ Ծիրանաւորը հիմնադիրներու շարքին յիշեց երանելի Արմիտա Պարելլին եւ Հայր Ակոսթինօ Ճեմելլին։

Կապը ԵՀՕ եւ համասրանական հովուական ծառայութիւնը

Նամակին մէջ կարդինալ Փարոլին յիշեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ 14 ապրիլ 1984ին, կայացած երիտասարդներուն հաւաքի 40 ամեակը, հաւաք մը՝ որմէ ծնան Երիտասարդներուն համաշխարհային օրերը։ Այս 40 տարիներուն հոլովոյթին ԵՀՀ կապը համալսարանական հովուական ծառայութեան հետ կամաց կամաց աւելի աշխուժ դարձաւ մինչեւ անցեալ Տարի Լիզպոնի մէջ Երիտասարդներու հաւաք, երբ Պապը յատուկէն հանդիպում շնորհեց համալսարանական աշխարհին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2024, 11:04