Որոնել

2020.04.21 guardie svizzere, atrio basilica di san Pietro, Vaticano

6 Մայիսին Զուիցերական Պահակագունդի 34 նորակոչիկներու երդման արարողութիւնը

Հռոմի թալանումի տարեդարձին առիթով Վատիկանի Սան Տամազօ ներքնագաւիթին մէջ յատուկ արարողութեամբ կ՛ ոգեկոչուին Զուիցերական պահակագունդի 189 զինուորները, որոնք պաշտպանեցին Կղէմէս Է Քահանայապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս վեց մայիսին Քահանայապետական Զուիցերական Պահակագունդը պիտի տօնախմբէ «Հռոմի Թալանումի» տարեդարձը եւ այդ առիթով պահակագունդի 189 զինուորներու քաջագործութիւնը` որոնք իրենց կեանքի գինով պաշտպանեցին այդ ժամանակուայ իշխող Քահանայապետ Կղէմէս Է -ը, 6 Մայիս 1527-ին։

Տօնակատարութեան առիթով տեղի պիտի ունենայ նաեւ 34 նորակոչիկներու երդման արարողութիւնը ի ներկայութեան Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառային։

Երդման արարողութիւնը

Պահակագունդի  նոր անդամները իրենց երդումը կատարելով պիտի հաստատեն թէ իրենք պատրաստ են ծառայելու եւ պաշտպանելու Քահանայապետը, ի յարկին նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը։

Ըստ Զուիցերական պահակագունդի տարածած հաղորդագրութեան այս տարուայ արարողութիւնները սկիզբ կ՛առնեն 5 մայիսին «Santa Maria della Pietà in Campo Santo Teutonico», եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի կատարուի ժամասացութեան արարողութիւն, որուն կը յաջորդէ ծաղկեպսակի զետեղումը ի յիշատակ եւ ի յարգանք 1527-ին զոհուած Զուիցերացի պահակագունդի 147 անդամներուն, ապա տեղի կ՛ունենայ պատուոյ գիրերու շնորհումը։

6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝ զոր կը գլխաւորէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ապա 6 մայիսի յետմիջօրէին ժամը հինգին, առաքելական պալատի ''Սան Տամազօ'' ներքնագաւիթին մէջ, տեղի կ՛ունենայ երդման արարողութիւնը։

Արարողութիւնը կը գլխաւորէ ինչպէս նշեցինք Քահանայապետի ներկայացուցիչը Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա եւ անոր կարելի է հետեւիլ ուղիղ եթերով Զուիցերական Պահակագունդի կայքէջի միջոցաւ։

Երդման արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ Զուիցերիոյ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններ։

Զուիցերական Քահանայապետական պահակագունդը

Աշխարհի ամենահին բանակը, հիմնադրուած է Յուլիոս Բ Պապի կողմէ 1506-ի 22 Յունուարին։ Ան պատասխանատու է Պապի և անոր նստավայրի պաշտպանութեան։ Գնդապետ Քրիստոֆ Կրաֆի (ԼՈՒ) գլխաւորութեամբ բանակը խնդիր ունի վերահսկելու դէպի Վատիկան և Առաքելական պալատ տանող մուտքերը, ապահովել կարգ ու ներկայացուցչութիւն պապական արարողութիւններու և պետական ​​ընդունելութիւններու ժամանակ և պաշտպանելու Կարդինալներու դասը թափուր աթոռի ժամանակ:

Բանակը կը ներառէ պահակախումբ Զուիցերիոյ բոլոր լեզուաբանական շրջաններէն։ Անդամներու մեծամասնութիւնը կու գայ Ֆրիպուրկի Քանոթոնէն (17), որուն կը յաջորդէ Վալեյ (16) և Սէն Կալ (13) Քանթոնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2024, 10:23