6 Մայիսին Զուիցերական Պահակագունդի 34 նորակոչիկներու երդման արարողութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս տարի եւս վեց մայիսին Քահանայապետական Զուիցերական Պահակագունդը պիտի տօնախմբէ «Հռոմի Թալանումի» տարեդարձը եւ այդ առիթով պահակագունդի 189 զինուորներու քաջագործութիւնը` որոնք իրենց կեանքի գինով պաշտպանեցին այդ ժամանակուայ իշխող Քահանայապետ Կղէմէս Է -ը, 6 Մայիս 1527-ին։
Տօնակատարութեան առիթով տեղի պիտի ունենայ նաեւ 34 նորակոչիկներու երդման արարողութիւնը ի ներկայութեան Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառային։
Երդման արարողութիւնը
Պահակագունդի նոր անդամները իրենց երդումը կատարելով պիտի հաստատեն թէ իրենք պատրաստ են ծառայելու եւ պաշտպանելու Քահանայապետը, ի յարկին նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը։
Ըստ Զուիցերական պահակագունդի տարածած հաղորդագրութեան այս տարուայ արարողութիւնները սկիզբ կ՛առնեն 5 մայիսին «Santa Maria della Pietà in Campo Santo Teutonico», եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի կատարուի ժամասացութեան արարողութիւն, որուն կը յաջորդէ ծաղկեպսակի զետեղումը ի յիշատակ եւ ի յարգանք 1527-ին զոհուած Զուիցերացի պահակագունդի 147 անդամներուն, ապա տեղի կ՛ունենայ պատուոյ գիրերու շնորհումը։
6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝ զոր կը գլխաւորէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ապա 6 մայիսի յետմիջօրէին ժամը հինգին, առաքելական պալատի ''Սան Տամազօ'' ներքնագաւիթին մէջ, տեղի կ՛ունենայ երդման արարողութիւնը։
Արարողութիւնը կը գլխաւորէ ինչպէս նշեցինք Քահանայապետի ներկայացուցիչը Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փարրա եւ անոր կարելի է հետեւիլ ուղիղ եթերով Զուիցերական Պահակագունդի կայքէջի միջոցաւ։
Երդման արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ Զուիցերիոյ քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններ։
Զուիցերական Քահանայապետական պահակագունդը
Աշխարհի ամենահին բանակը, հիմնադրուած է Յուլիոս Բ Պապի կողմէ 1506-ի 22 Յունուարին։ Ան պատասխանատու է Պապի և անոր նստավայրի պաշտպանութեան։ Գնդապետ Քրիստոֆ Կրաֆի (ԼՈՒ) գլխաւորութեամբ բանակը խնդիր ունի վերահսկելու դէպի Վատիկան և Առաքելական պալատ տանող մուտքերը, ապահովել կարգ ու ներկայացուցչութիւն պապական արարողութիւններու և պետական ընդունելութիւններու ժամանակ և պաշտպանելու Կարդինալներու դասը թափուր աթոռի ժամանակ:
Բանակը կը ներառէ պահակախումբ Զուիցերիոյ բոլոր լեզուաբանական շրջաններէն։ Անդամներու մեծամասնութիւնը կու գայ Ֆրիպուրկի Քանոթոնէն (17), որուն կը յաջորդէ Վալեյ (16) և Սէն Կալ (13) Քանթոնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ