Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մահուան 19րդ տարելիցին առիթով աղօթքի հսկում Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անեցալ 2 ապրիլին լրացաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մահուան 19րդ տարելիցը, որուն առիթով տարբեր ազգութիւններու պատկան հաւատացեալներ համախմբուեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, միասին աղօթելով վարդարանը։
Սուրբ Վարդարանի տարբեր խորհուրդները արտասանուեցան տարբեր լեզուներով չինարէն, ուքրաներեն, անգլերէն, իտալերէն և լեհերէն: Մինչ խորհրդածութիւնները քաղուած էին Քարոլ Վոյթիլայ Քահանայապետին 1990 թուականի Զատկուան առիթով արտասանած ճառերէն։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անձին համար, որ ինչպէս տարիներ առաջ, այսօր եւս է աղօթքի մէջ կը միաւորէ այս միջազգային հասարակութիւնը, և մենք համոզուած ենք, որ Ան մեզի հետ կ՛աղօթէ մեր դիտաւորութիւններուն համար», ըսաւ հսկումի աւարտին` Գերապայծառ Բավել Փդաշնիկը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հիմնադրամի վարչական խորհուրդի նախագահ, ինչպէս նաև Սուրբ Սթանիսլավ եկեղեցւոյ ռեկտոր։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար եւ քաջալերեց զանոնք աղօթքի մէջ մնալ իրենց ընտանիքներուն եւ համայնքներուն մէջ։
Յայտնենք, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը հոգին աւանդեց առ Հայր 2005 թուականի ապրիլի 2-ին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ ապրիլի 8-ին, այն ժամանակուայ կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկերի նախագահութեամբ, որ ապա ընտրուեցաւ որպէս Անոր յաջորդը` առնելով Պենետիկտոս ԺԶ-ի անունը: Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2011-ի մայիսի 1-ին, Երանելի հռչակեց Լեհ Քահանայապետը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը 2014ի 27 ապրիլին, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի հետ միասին դասեց Սուրբերու շարքին։
Ճիշտ յառաջիկայ 27 ապրիլին այդ սրբադասման տասնամեակին առիթով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ, որ պիտի նախագահէ Կարդինալներու դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ