77/a assemblea generale dei vescovi italiani

20-23 Մայիսին Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի լիագումար նիստը Վատիկանի մէջ

Բացումը պիտի կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Հաւաքին առիթով նախատեսուած է խաղաղութեան համար յատուկ աղօթքի պահ մը եւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը Կարդինալ Ծուփփիի նախագահութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 20-23էն Մայիս Վատիկանի Սիւնհոդոսի Սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի լիագումար 79րդ նիստը որուն բացումը պիտի կատարուի երկուշաբթի 20 Մայիսի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին, Ֆրանչիսկոս Պապին ելոյթով, որուն պիտի յաջորդէ եպիսկոպոսներու դռնփակ ժողովը։

Նոյն օրը Երեկոյեան 8,30ին նախատեսուած է խաղաղութեան համար աղօթքի պահ մը, որ ուղղակի եթերով պիտի սփռուի Իտալիոյ եպիսկոպոսներու պատկան TV2000 հեռուստակայանէն։ Եպիսկոպոսները թափորով կը ժամանեն Սուրբ Պետրոս տաճար, որտեղ երեկոյեան ժամը 9-ին տեղի կունենայ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը զոր պիտի նախագահէ Պոլոնիա քաղաքի Արքեպիսկոպոս և Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին։

Երեքշաբթի 21 մայիսի առաւօտեան սկիզբ կ՛առնեն աշխատանքային նիստերը որոնք պիտի կեդրոնանան «Սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը` դէպի մարգարէական փուլ» նիւթին վրայ ի տես 2024-ի Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նախատեսուած Սիւնհոդոսին նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին։ Նիւթերու շարքին պիտի քննարկուին նաեւ որոշ իրաւա-վարչական պարտաւորութիւններ և հաղորդակցութիւն պիտի կատարուի Իտալիայի կաթոլիկներու ընկերային շաբթուայ վերաբերեալ, որ նախատեսուած է Յուլիսի 3-էն 7-ը Թրիեսթէ քաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի (Յուլիսի 7) և Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Սերճօ Մաթարելլայի (Յուլիսի 3) մասնակցութեամբ:

Հինգշաբթի 23 Մայիսին Կարդինալ Ծուփփին պիտի գլխաւորէ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելով ժողովին աւարտական յայտարարութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2024, 11:00