ԵՀՕ  2023, Լիզպոնա ԵՀՕ 2023, Լիզպոնա  (JOAOLC \ GMG Lisboa 2023 / João Lopes Cardoso)

Երիտասարդութեան ի նպաստ Հովուական Ծառայութեան Միջազգային Համագումար՝ 2027ի Սէուլի ԵՀՕին ընդառաջ

Մայիս 23էն 25ը Չամփինօ քաղաքին «Il Carmelo» ընդունելութեան տան մէջ պիտի կայանայ Երիտասարդութեան ի նպաստ Հովուական ծառայութեան միջազգային համագումարը՝ երիտասարդներու գլխաւոր դերի, սիւնհոդոսականութեան, կրթութեան եւ հոգեւոր ուղեկցութեան նիւթին շուրջ՝ կազմակերպուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական «Christus vivit » առաքելական յորդորագիրին հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, որ ուղղուած է նոր սերունդներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2024 թուականի Մայիս 23էն 25ը շուրջ 300 պատուիրակներ Հռոմին մօտ գտնուող Չամփինօ քաղաքին մէջ, «Il Carmelo» հիւրընկալութեան տան մէջ, պիտի մասնակցին Երիտասարդութեան ի նպաստ Հովուական Ծառայութեան Միջազգային Համագումարին՝ «Յանուն հովուական երիտասարդական սինոդալ ծառայութեան. ղեկավարելու նոր ոճեր եւ ռազմավարութիւններ» բնաբանով։

Կազմակերպած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը՝ «Christus vivit » առաքելական յորդորագիրին հինգերորդ տարեդարձին առթիւ, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրած է 2018 թուականին Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսէն ետք, եւ որու խթանումին եւ տարածումին համար Վերատեսչութիւնը կը նուիրուի ընթացիկ ողջ տարուան ընթացքին։

Իրականացուող միջոցառումները կը ներառեն ընկերային մետիա արշաւ՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ պաշտօնական էջերու միջոցաւ, եւ 1984 թուականին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետ երիտասարդներու առաջին հանդիպումի 40ամեակի տօնակատարութիւնը:

Այս նախաձեռնութիւնները, աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ թեմական բազմաթիւ միջոցառումներու հետ միասին, նպատակ ունին աշխուժացնել երիտասարդական ծառայութիւնը՝ «Christus vivit»ի կողմէ առաջարկուող ցուցումներէն սկսեալ:

Համագումարին ծրագիրը

Համագումարի առաջին օրը պիտի սկսի «2023ի Լիզպոնի ԵՀՕէն մինչեւ 2027ի Սէուլի ԵՀՕ» բնաբանը կրող նստաշրջանով։ Ողջոյնի խօսքով ելոյթ պիտի ունենայ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեւին Ֆարելը։

Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ խորհրդածութիւն եւ արժեւորում 2023 թուականի Լիզպոնի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կարեւոր իրադարձութիւններու շուրջ, որ արձանագրելով ձեռքբերած յաջողութիւնները, իւրայատուկ կամուրջ պիտի դառնայ Սէուլի մէջ 2027 թուականին կայանալիք ԵՀՕին համար:

Պիտի խօսուի նաեւ 2025 թուականի Երիտասարդներու Յոբելեանի մասին, որ նախատեսուած է Յուլիս 28էն Օգոստոս 3ը եւ որուն Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ ողջ աշխարհի երիտասարդներուն ըլլալու «յոյսի ուխտաւորներ»։ Այդ կարեւոր հանդիպումի մանրամասները, ծրագրուած նախաձեռնութիւններն ու գործունէութիւնը պիտի ներկայացնէ Աւետարանումի Վերատեսչութեան Համավերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան:

Համագումարը պիտի աւարտուի շաբաթ օրը՝ 25 Մայիսին, երկու հանդիպումներով՝ առաւօտեան նախատեսուած է ունկնդրութիւն Սրբազան Քահանայապետին մօտ, իսկ յետմիջօրէին բաց երկխօսութիւն Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան հետ՝ մասնակցութեամբ ենթաքարտուղար Քոյր Նաթալի Պեքարին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 12:09