2024.05.23 Il cardinale Fernández e il patriarca copto Tawadros

Կարդինալ Ֆերնանտէսը այցելեց Թաուատրոս Բ Պապին ու լուսաբանութիւններ ներկայացուց Fiducia supplicans-ի մասին

Հանդիպման կեդրոնական նիւթն է Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Մարտին հրատարակած յայտարարութիւնը հայող «միասեռականներու ամուսնութեան» մերժումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 22 Մայիս 2024ին Կարդինալ Վիքթոր Մանուել Ֆերնանտէսը` Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը այցելութիւն տուաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ-ին, ու անոր հետ զրուցեց միասեռական անձինք օրհնելու «Fiducia supplicans» փաստաթուղթին մէջ պարունակուած կարելիութեան, այս առնչութեամբ ներկայացնելով նաեւ լուսաբանութիւններ։

Թաուատրոս Պապին փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնները Կարդինալ Ֆերնանտէսը ընդգծեց` որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար ամուսնութիւնը կը կայանայ միայն մարդ ու կնոջ միջեւ միութեան մէջ, որ բաց է կեանքին ապա հաստատեց, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւս հակառակ է նոյն սեռի պատկան մարդոց միջեւ ամուսնութեան։

Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը Նորին Սրբութիւն Թաուատրոսին բացատրեց նաեւ, թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը կիսէ Ղպտի Եկեղեցւոյ անցեալ 7 Մարտին հրատարակած փաստաթուղթը ու անոր պարունակութիւնը հայող միասեռականներու ամուսնութեան մերժումին ընդգծելով, որ «Fiducia supplicans» փաստաթուղթը չի հայիր միութեան օրհնութեան այլ անձերուն։ Առ այդ եթէ միասեռական զոյգ մը ներկայանայ կարելի չէ օրհնել զանոնք այլ իւրաքանչիւրը առանձին եւ այս կը կատարուի խաչակնքում կատարելով անոնց վրայ, անոր աւելցնելով հակիրճ աղօթք մը։ Այս մէկը պէտք է կատարուի պարզ ու կարճ կերպով, առանց որեւէ ծիսակատարութեան կամ ծիսական զգեստներու, եւ որեւէ այլ արտաքին երեւոյթի, որ ենթադրել տայ կամ շփոթէ այդ օրհնութիւնը ամուսնութեան հետ։

«Այն ինչ` որ կարեւոր է անձերուն օրհնութիւն շնորհելն է, անկախ իանոնց վիճակէն», նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Ֆերնանտէսը, որ Եգիպտոս կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ այլ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու հետ ինչպէս նաեւ բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 13:00