Արք Կալլակեր Արք Կալլակեր  (ANSA)

Գերպ Կալլակեր. «Փառք Աստուծոյ Խրուաթիոյ մէջ ազատութեան պարգեւին համար»։

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու հետ քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, Հռոմի մէջ նախագահեց Խրուաթիոյ ազգային տօնին առթի Սուրբ Պատարագին։ Քարոզին մէջ գերապայծառը հրաւիրեց աղօթելու հակամարտութիւններով բնորոշուած ազգերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Խրուաթիա կատարելիք այցելութենէ երկու օր առաջ, ուր պիտի նշուի Զակապրիոյ պաշտպան սուրբ՝ Porta di Pietra Տիրամօր տօնը, երեքշաբթի, 28 մայիսին, Հռոմի Սան Ճիրոլամօ եկեղեցիէն ներս, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր նախագահեց Սուրբ Պատարագին։ Քարոզին մէջ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր հրաւիրեց հաւատացեալները, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու Խրուաթիոյ մէջ ազատութեան եւ խաղաղութեան պարգեւին համար, յիշելով 1990 թուականին 30 մայիսին, ժողովրդավարական ուղիով ընտրուած առաջի բազմակուսակցական խորհրդարանի ստեղծումը։

Գերապայծառը յորդորեց նաեւ աղօթելու պատերազմներու թիրախ երկիրներու խաղաղութեան պարգեւին համար, շեշտելով որ հաւատացեալներու համար խաղաղութեան յոգնութիւնը սուրբ պարտականութիւնն է եւ ոչ թէ միայն բարի կամք մարդոց առատաձեռն նախաձեռնութեան պտուղը, «այնպէս ինչպէս յայտարարած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Զ Պապը, 1994 թուականին սեպտեմբերին Զակապրիա կատարած այցելութեան ընթացքին»։

Աստուած միակն է որ կարող է մեզ ներքին ազատութիւն տալ

Քարոզին մէջ գերապայծառ Կալլակեր կեդրոնացաւ Յիսուսի հետեւելու վրայ, «ինչ կը յանգեցնէ դիմակայելու դժուարութիւնները, հալածանքները, հարցերը, «որոնք կ՝օգնեն մեզի աճելու եթէ կարողանանք ողջունել զանոնք որպէս մեծ հասունութիւնը եւ գիտակցուած պատասխանատուութիւնը ձեռք բերելու հնարաւորութիւն։

Զրուցելով Տիրոջ ճշմարիտ առաքեալներու մասին, Գերապայծառ Կալլակեր շեշտեց որ, Ֆրանչիսկոս Պապը 28 փետրուար 2017ին, Սանթա Մարթա Տան մէջ արտասանած խորհրդածութեան մէջ մատնանշեց, որ Սուրբ Պետրոսն ու այլ սուրբերը դժուարութիւններու, փորձութիւններուն մէջ ունեցան ուրախ աչքեր եւ սիրտի ուրախութիւն, այնպէս ինչպէս ժամանակակից սուրբերը, ասոնց շարքին գերապայծառ Կալլակեր յիշեց Չիլէէն Սուրբ Ալպերթօ Հուրթատօ, որ հալածուեցաւ եւ դիմագրաւեց բազմաթիւ դժուարութիւններու, օգնեց աղքատներուն, սակայն միշտ կ՝ըսէր որ երջանիկ էր։

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր քարոզը աւարտեց յանձնելով Խրուաթեան՝ որուն կապերը Սուրբ Աթոռի հետ երբեք չեն թուլացած, չնայած պատմութեան մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ մարտերուն, Տիրամօր բարեխօսութեան, երկրի պաշտպան սուրբ Սուրբ Յովսէփին եւ երանելի կարդինալ Alojzije Stepinac.
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2024, 09:40