Պոնիֆաչիօ Ը Քահանայապետին կոնդակը՝ առաջին Յոբելեանի առթիւ Պոնիֆաչիօ Ը Քահանայապետին կոնդակը՝ առաջին Յոբելեանի առթիւ 

Յոբելեանը եւ մեղքերու թողութիւնը՝ վաղ ժամանակներէն մինչեւ ժամանակակից մարդ

Վատիկանեան «L'Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը մանրամասնօրէն անդրադարձած է մեղքերու թողութեան եւ Յոբելենական Սուրբ տարուան միջեւ պատմական կապին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վատիկանեան «L'Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը պատմական անդրադարձ կատարած է մեղքերու թողութեան եւ Յոբելենական Սուրբ տարուան միջեւ կապին, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Վաղ անցեալ՝ խոստովանութիւն, ապաշխարութիւն, մեղքերու արձակում

Վաղ անցեալին Եկեղեցւոյ մէջ մեղքերուն խոստովանութիւնը այսօրուան պէս չէր, այլ ընկերային իրողութիւն մըն էր։ Երբ անձ մը ինքզինքը մեղաւոր կը համարէր, կը ներգրաւուէր ընկերային խումբի մը մէջ եւ ապաշխարութեան ճամբայ մը կ’անցնէր, ինչը՝ կախեալ մեղքի ծանրութենէն, կարող էր տեւել ամիսներ եւ անգամ տարիներ։ Միայն ասորմէ ետքը տուեալ անձը կը ներկայանար եպիսկոպոսին (սովորաբար Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան), որպէսզի ի վերջոյ մեղքերն արձակուէին։

Գործընթաց, որ երկար ժամանակ եւ զոհողութիւններ կը պահանջէր, ուստի մարդ իր կեանքի ընթացքին միայն մէկ անգամ կը դիմէր այդ քայլին, այն ալ ծերութեան ատեն եւ սովորաբար ծանր մեղքեր գործելու պարագային, ինչպէս գողութիւնը կամ սպանութիւնը։

Միջնադար․ նախ՝ մեղքերու արձակում, ապա՝ ապաշխարութիւն

Միջնադարին քրիստոնէական կեանքը վանքերուն մէջ էր, ուր իրավիճակը տարբեր էր։ Փոքր մեկուսացուած համայնքներէն ներս մեղքերը բազմաթիւ էին ու մեծամասամբ աննշան, ուստի հնարաւոր չէր ամէն մէկ փոքր մեղքի համար ամիսներ ու տարիներ ապաշխարել... աւելին, եպիսկոպոսները շատ հազուադէպ կը հանդիպէին: Ասկէ սկիզբ առաւ վանքի վանահայրին մեղքերը խոստովանելու սովորոյթը, որ նախ՝ անմիջապէս ազատ կ’արձակէր, ապա՝ ապաշխարութիւն կը նշանակէր, ինչպէս եւ այսօր։

Յանցանքի եւ պատիժի միջեւ տարբերութիւնը

Աստիճանաբար տարբերութիւն դրուեցաւ յանցանքի (որ կը վերացուէր խոստովանութեամբ) եւ պատիժի (որ կը կրճատուէր աշպախարհութենէն ետք ներումի միջոցաւ) միջեւ:

Մեղքերու թողութիւն

Հին համակարգէն չէր վերացուած ապաշխարութեան տեւողութիւնը որ միշտ կը հաշուարկուէր օրերով, ամիսներով եւ տարիներով: Սակայն, որոշակի բացառիկ իրադարձութիւններու պարագային, լաւ ապաշխարողը՝ քանի մը լաւ գործերու դիմաց, կրնար արժանանալ պատժի տեւողութեան կրճատման: Եւ այդ յատուկ մօտեցումը սկսաւ անուանուիլ մեղքերու թողութիւն:

Մեղքերու լիակատար ներում

Այդպիսի բացառիկ իրադարձութիւններէն մին Ուրպանոս Բ Քահանայապետին համար արաբներու կողմէ ներխուժուած Երուսաղեմին վերանուաճումն էր։ Այդ անհնարին առաքելութեան համար Պապը 1096ին, առաջին անգամ պատմութեան մէջ, մեղքերու լիակատար ներում առաջարկեց բոլոր անոնց, որոնք կը մեկնէին Սուրբ Քաղաքը ազատագրելու համար։

Յոբելենական Սուրբ Տարի

Իսկ արդեն 1300 թուականին Պոնիֆաչիօ Ը Քահանայապետը մեղքերու լիակատար ներում առաջարկեց՝ անոնց համար որոնք Հռոմի մէջ երեսուն օր շարունակ կ՜ աղօթէին, դնելով Յոբելենական Սուրբ Տարուան հիմքը։ Այդ ժամանակուընէ «մեղքերու լիակատար թողութիւնը» եւ «Յոբելենական Սուրբ Տարին» յաջողուած համադրութիւն կը կազմեն...

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2024, 12:06