Վիեթնամ, Եկեղեցի Վիեթնամ, Եկեղեցի  (AFP or licensors)

Վատիկան. Եկեղեցւոյ ազատութիւնը Վիեթնամի մէջ ուղղուած է ողջ հասարակութեան բարօրութեան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ Համատեղ աշխատանքային նիստի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

17 մայիս 2024ին, Վիեթնամի Ha Noi քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումը։ Սոյն հանդիպումին միասնաբար նախագահեցին, Վիեթնամի պատուիրակութեան ղեկավար Վիեթնամի արտաքին գործ փոխ նախարար Տիկին Le Thi Thu Hang եւ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան ղեկավար, պետութիւններուն եւ հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղար, գերապայծառ Mirosław Wachowski։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ սոյն հանդիպումը առաջին է 2023 թուականի 27 յուլիսին, Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համաձայնագիրի կնքումէն յետոյ, որ կը վերաբերի մշտական քահանայապետական ներկայացուցիչի եւ Վիեթնամի մէջ Սուրբ Աթոռին մշտական քահանայապետին ներկայացուցիչին պաշտօնին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութենէն տեղեկացանք, որ երկու կողմերը միտքերու լայն փոխանակում ունեցան Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռին յարաբերութիւններու շուրջ, որոնց շարքին Վիեթնամի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերը։ «Վերահաստատելով եկեղեցւոյ ազատութիւնը՝ իր առաքելութիւնը իրականացնելու յանուն ողջ հասարակութեան բարօրութեան, երկու կողմերը նշեցին, որ Վիեթնամի մէջ կաթողիկէ հասարակութիւնը պիտի շարունակէ ներշնչուիլ եկեղեցւոյ Վարդապետութենէն, աշխարհի մէջ աւետարանը ապրելու եւ միեւնոյն ժամանակ լաւ քրիստոնեաներ, լաւ քաղաքացիներ ըլլալու շրջագիծէն ներս։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկու կողմերը ճանչցան Սուրբ Աթոռի եւ Վիեթնամի միջեւ յարաբերութիւնները, շնորհիւ կանոնաւոր շփումներու եւ խորհրդակցութիւններու, բարձր մակարդակի պատուիրակութիւններուն փոխանակման եւ քահանապաետական մշտական ներկայացուցիչին գործունէութիւններուն, յանձին Արք Մարէք Զալեվսքիի։ Վիեթնամէն մեկնելէ առաջ, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը քաղաքավարական այցելութիւն կատարեց երկրի որոշ իշխանութիւններուն եւ հանդիպեցաւ Ha Noi թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Joseph Vũ Văn Thiênի հետ, նշուած Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2024, 10:45