2024.05.15 Udienza Generale

Զբօսաշրջութիւնը թող խաղաղութեան առարկայական յանձնառութիւն դառնայ

Այս տարի ՄԱԿի կողմէ հռչակուած Զբօսաշրջութեան 45րդ համաշխարհային Օրուան պատգամին բնաբանն է «Զբօսաշրջութիւն եւ խաղաղութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Զբօսաշրջութիւն եւ խաղաղութիւն». այս է Միացեալ Ազգերու Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ առաջարկուած համադրութիւնը Զբօսաշրջութեան 45րդ համաշխարհային Օրուան համար, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 27 Սեպտեմբերին։

Այդ առթիւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ կը շեշտուի, որ․ «մեր անհանգիստ ժամանակներուն մէջ անհնար պիտի ըլլար մտածել անձնական յանձնառութեան եւ խորհրդածութեան աւելի լաւ ընտրութիւն առաջարկելու անոնց, որոնք կը ճամբորդեն ։

«Ժողովուրդներու միջեւ մշակութային փոխանակումը, որն իր արտօնեալ ձեւը կը գտնէ զբօսաշրջութեան մէջ, կարող է նաեւ վերածուիլ խաղաղութեան առարկայական յանձնառութեան», կը կարդանք Պատգամին մէջ, ուր կը նշուի.

«Կրօնական զբօսաշրջութեան համար պատասխանատու Աւետարանութեան Վերատեսչութիւնը, այդ մարտահրաւէրին դիմակայելու գործին մէջ իր ներդրումը կ’ուզէ ունենալ, որպէսզի խաղաղութեան պատգամը հասցնէ զբօսաշրջութեան ոլորտի բոլոր այն աշխատողներուն, որոնք անվտանգութեան բացակայութեան պատճառաւ դժուարութիւններու առջեւ կը յայտնուին»։ Պատգամին մէջ կը յորդորուի, սակայն, բացուիլ դէպի նոր ուղիներ՝ վառ պահելով միաժամանակ ուխտագնացութեան շուտափոյթ հնարաւորութիւնները դէպի այն Երկիրներ, «որոնք աւանդաբար կը պահպանեն մեր հաւատքի եւ մեր պատմութեան հարստութիւնը»։

«Միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու հետաքրքրասիրութիւնը դիւրութեամբ կրնայ միանալ եղբայրութեան յանձնառութեան հետ՝ միասին ստեղծելով «խաղաղութեան պատգամաւորներու» ցանց՝ պատերազմի աւարտը աղերսելու համար»։

Նախորդ սերունդներու հանճարի շնորհիւ ստեղծուած գեղեցկութիւնները՝ որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ պէտք չէ մթագնուին եւ փոխարինուին աւերածութիւններու եւ փլատակներու տգեղութեամբ, կը յորդորուի Պատգամին մէջ, ուր կը շեշտուի նաեւ, որ մարդկանց միջեւ փոխյարաբերութիւնները սահմանափակող արհեստագիտութիւններու զանգուածային առկայութեան պայմաններու մէջ պէտք է նորոգել «հանդիպումի մշակոյթը»՝ որուն մեծապէս կ’աջակցի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Յոբելենական Սուրբ Տարին

Պատգամին մէջ յղում կը կատարուի նաեւ Յոբելենական Սուրբ Տարուան, ուր կը նշուի, որ Սրբազան Քահանայապետը Դեկտեմբեր 24ին բացումը պիտի կատարէ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դուռին՝ թոյլ տալով միլիոնաւոր ուխտաւորներուն հասնիլ Հռոմ եւ մեղքերու թողութեան արժանանալ։ «Յոբելենական Սուրբ Տարին հռչակող «Spes non confundit» բնաբանով Կոնդակին մէջ Պապը կը գրէ․ «Բոլորը կը յուսան։ Իւրաքանչիւր մարդուն սրտին մէջ ներփակուած է յոյսը, որպէս իղձ եւ սպասում բարիին՝ չ’իմանալով, թէ ինչ պիտի բերէ վաղուայ օրը»։ «Այս յոյսով բնութագրուող զբօսաշրջութիւնը կարող է նաեւ խաղաղութիւն կերտելու առարկայական եւ շօշափելի նշան դառնալ։ Խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ բոլորին եւ կը պահանջէ մեզմէ հետամուտ ըլլալ առարկայական նախագիծերուն» («Spes non confundit», 8), ուստի «զբօսաշրջութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝ յոյսին հետ միասին, թող, դառնան 2024ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային Օրուան համոզիչ պատգամ զբօսաշրջութեան գործիչներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը ճամբորդեն հանդարտութեան եւ ներդաշնակութեան զգացմունքներով եւ ցանկութեամբ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2024, 13:22