2024.05.30 Parolin a Milano

Կարդինալ Փարոլինի մտահոգութիւնը Ռուսաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի զէնքերով պատերազմի մը կարելիրութեան համար. «վտանգաւոր եւ անվերահսկելի»

«Մտահոգիչ հեռանկար, որ պէտք է անհանգստացնէ իւրաքանչիւր մարդ, որ ի սիրտ ունի աշխարհին ճակատագիրը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետքարտուպարը Միլանի մէջ ԵՕՐ-ի հիմնադիր Պերնարտինօ Նոկարայի նուիրուած «Իտալիոյ եւ Քահանայապետի ծառայութեան տակ» վերնագիրով գիրքի շնորհանդէսի շրջագիծէն ներս պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն հայող արեւմուտքի զէնքեր օգտագործելու Ռուսաստանի հողային տարածքին վրայ նշեց, որ այս մէկը «Մտահոգիչ հեռանկար է, որ պէտք է անհանգստացնէ իւրաքանչիւր մարդ, որ ի սիրտ ունի աշխարհին ճակատագիրը»:

Ծիրանաւորը այս ուղղութեամբ արտայայտեց իր մեծ մտահոգութիւնը, ապա վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին յանձնառումը` մարդասիրական գետնի վրայ, «տուն վերադարձնել առեւանգուած ուքրանացի մանուկները»։

Կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց նաեւ Եւրոպայի մէջ քաղաքական ընտրութիւններու մասին հարցումին, ընդգծելով, որ «Եկեղեցին երբեք կուսակցային» չէ եւ «չի կրնար մէկու կամ միւսի օգուտին կամ դէմը արտայայտուիլ», բայց եւ այնպէս ընդգծեց «մասնակցելու եւ քուէարկելու» կարեւորութիւնը, «Հաշուի առնելով թեկնածուներու արժէքները, որոնք պէտք է մօտ ըլլան կաթողիկէ զգայունութեան»:

Ծիրանաւորը խօսեցաւ նաեւ Վատիկանի տնտեսական իրավիճակի մասին նշելով, որ Սրբազան Պապը մեծ գործ կատարեց այդ ուղղութեամբ ու անոր աշխատանքին արդիւնքը թոյլ պիտի տայ Սուրբ Աթոռին յառաջ ընթանալու անդորրութեամբ նոյնիսկ եթէ ընդհանուր իրավիճակը նպաստաւոր չէ, յատկապէս ի տես հաւատացեալներու նուիրատուութիւններու նուազումին։

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարին համար դեղահատը Եկեղեցին աւելի հաւատալի դարձնելն է,  ըլլալ թափանցիկ, վստահելի ու զայն զգալ որպէս վստահելի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2024, 20:00