Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքը. Երկար ժամանակ խաղաղութեան համար, խաղաղութիւնը կապուած է ներումին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 2 մայիսին, Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք5 կարդինալ Փիեր Պաթիսթթա Փիցապալլայի գլխաւորութեամբ, Հռոմի Լատերանի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «խաղաղութեան հովուական ծառայութեան համար չափանիշներ եւ յատկութիւններ» թեմայով գիտաժողով։ Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ «իսկական եւ յարատեւ խաղաղութիւնը երկար ժամանակ կը պահանջէ», դիտել տալով, որ «դժուար է բացայայտել ուղիներ եւ հեռանկարներ, քանի դեռ հակամարտութիւնը կը շարունակուի» ու եկեղեցին յանձնառու է ստեղծելու դիւրացումի պայմաններ ու միջավայրեր։
Սուրբ Երկիրը կ՝արիւնահոսի, խաղաղութիւնը խոնարհութեամբ կը խնդրուի
Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը նշեց, որ Սուրբ Երկրի մէջ աննախադէպ ողբերգութիւն կը կատարուի եւ ի տես աւելի աւելի վատթարացող քաղաքական շրջանակի ծանրութեան, վատթարացումի մէջ է նաեւ ընկերային եւ կրօնական միջավայրերը։
Խաղաղութեան համար պատրաստ ըլլալ մեռնելու Յիսուսի նման։
Կարդինալ Փիցապալլա նշեց, որ խաղաղութիւնը լոկ ընկերային համաձայնութիւն չէ, կամ ալ պատերազմի բացակայութիւն։ Խաղաղութեան համար հրամայական է մարդը կեդրոն զետեղել եւ վերադառնալ ուրիշի դիմագիծին, մարդկային անձին կեդրոնականութեան ու անոր անզուգական արժանապատուութեան։Խաղաղութեան համար պէտք է միշտ վտանգի ենթարկուինք, պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ՝ կորսնցնելու պատիւը եւ մեռնելու Յիսուսի նման։
Ազնիւ եւ վստահելի վկաներ, դա ստորին թեմայ չէ
Խաղաղութիւնը պահանջը ունի յստակ եւ զօրաւոր ժեսթերուն, բոլոր հաւատացեալներուն կողմէ ու նոյնպէս պէտք է յայտարարուի ու պաշտպանուի յստակ խօսքերով, ըսաւ Լատինաց Պատրիարքը աւելցնելով, որ կրօնական ղեկավարութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է համագործակցի ընկերութեան լաւագոյն հատուածին հետ՝ օրինականութեան նոր մշակոյթ ստեղծելու համար եւ դառնալու արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ազատ եւ մարգարէական ձայն։
Կրօնները կրակի վրայ նետուած վառելիք թող չ՝ըլլան
Կարդինալը յոյս յայտնեց այլ եկեղեցիներու եւ կրօնական համայնքներուն համագործակցութեան համար, զգուշացնելով, որ եթէ կրօնները դառնան քաղաքական պայքարի գործունակ, ինչպէս միշտ կը պատահի Սուրբ Երկրի մէջ, «անոնք կը դառնան կրակի վրայ նետուած վառելիք»։
Մաքրել յիշողութիւնը, խաղաղութիւնը կապուած է ներումին հետ
Խաղաղութիւնը եւ ներումը սերտօրէն փոխկապակցուած են։ Չէ կարելի ամէն ինչ միանգամէն ունենալ։ «Ներումի մասին խորհրդածելը երկար ժամանակ կ՝ուզէ։ Պէտէք է հաշուի առնել հաւաքական վէրքերը։ Մաքրել յիշողութիւնը որ հիմնական է», ըսաւ Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքը։
Բազմակողմ կազմակերպութիւններուն ճգնաժամը
Կարդինալ Փիցապալլա իր ելոյթը աւարտեց ցաւ յայտնելով, որ Սուրբ Երկրի մէջ «ականատես կ՝ըլլանք բազմակողմ կազմակերպութիւններուն ճգնաժամի, օրինակի համար ՄԱԿ-ին, որ աւելի աւելի անզօր է եւ շատերու համար պատանդ է մեծ տէրութիւններուն։ «Խաղաղութեան հովուական ծառայութիւնը ունի միայն աւետարանը որպէս ակնարկ», ըսաւ կարդինալ Փիցապալլան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ