2019.05.17 Conferenza robotica casina Pio IV

Աւելի լաւ ապագայի կերտումին նուիրուած գիտաժողով Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի մէջ

Չորեքշաբթի, 29 Մայիսին Վատիկանի «Casina Pio IV» անուան դահլիճէն ներս տեղի պիտի ունենայ «World Changers Summit» Գիտաժողովի երրորդ հրատարակութիւնը՝ «Գիտաժողովը կ’օգնէ աւելի լաւ ապագայ ձեւաւորել» բնաբանով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մարդկանց եւ աշխարհի բարօրութեամբ առաջնորդուող գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը կրնան բացառիկ դաշնակիցներ ըլլալ: «World Changers Summit»ի կազմակերպիչները՝ համոզուած են, որ այսօր առկայ են նոր ու կարեւոր հեռանկարներ այդ նպատակին հասնելու համար։ Անոնք` 29 Մայիս 2024ին իրենց երրորդ գիտաժողովը պիտի գումարեն Գիտութիւններու Քահանայապետական Կաճառի «Casina Pio IV» դահլիճին մէջ, ուր միջազգային փորձագէտները պիտի ներկայացնեն գիտութիւն - արհեստագիտութիւն դաշինքին ուղղուած ազդեցիկ հնարաւորութիւնները։

«World Changers Summit»ի գաղափարը մտայղացած է Բարձրագոյն հետազօտութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատութեան (IASC) նախագահը, փրոֆեսոր Կապրիեէ Անտրէոլին, որուն համար նախընտրելի վայր ընտրած է՝ աստուածաբանական, արհեստագիտական եւ բարոյական նիւթերուն հանդէպ զգայուն Վատիկանը։

Յոյսի տիեզերական ուղերձը

Անտրէոլին բացատրած է, որ կ’ուզէ Սուրբ Եկեղեցիի ներսէն տարածուի եւ բոլոր ժողովուրդներուն հասնի յոյսի այս տիեզերական ուղերձը․ բարձրագոյն գիտութիւն եւ մշակուած արհեստագիտութիւն՝ մանրակրկիտ կերպով մտածուած եւ կազմակերպուած յանուն մարդկանց եւ աշխարհի բարօրութեան։

Յաջորդ տարի՝ 5 Սեպտեմբեր 2025ին կը նախատեսուի «World Changers Summit»ի չորրորդ հրատարակութիւնը, որուն առանցքը պիտի կազմեն արհեստագիտութիւնը, աստուածաբանութիւնը, գիտութիւնը ու հաւատքը, եւ որու նպատակն է մատուցել շօշափելի արդիւնքներ՝ ներկայացնելով աւելի լաւ ապագայի ձեւաւորման ուղղուած գիտական ​​եւ արհեստագիտական յայտնագործութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2024, 11:24