Վատիկան Վատիկան 

«ASIF». ֆինանսական վերահսկողութեան եւ տեղեկատւութեան մարմնին տարեկան զեկոյցը

Վատիկանը առաւելաբար աւելի կը համընկնի դրամներու լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի միջազգային չափանիշերուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ «ASIF»ի, ֆինանսական վերահսկողութեան եւ տեղեկատւութեան մարմնին տարեկան զեկոյցը. Վատիկանը առաւելաբար աւելի կը համընկնի դրամներու լուացման եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարի միջազգային չափանիշերուն, նշուած է զեկոյցին մէջ ու նկատի տրուած, որ Ֆինասնական վերահսկողութեան եւ տեղեկատուութեան մարմինը յարատեւ եւ կայուն աշխատանքով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնները, ու այս մէկը փաստագրուած է, 17 յունիսին, 2023 թուականի վերաբերեալ հրապարակուած զեկոյցով։

Զեկոյցին մէջ ֆինանսական վերահսկողութեան եւ տեղեկատւութեան մարմինը կը տեղեկացնէ, որ 2023ին, Հաղորդուած են 123 կասկածելի գործողութիւններ, որոնցմէ 118-ը եկած են Վատիկանի դրամատունէն ու նուազած են ընդհատումի գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան ապահովման ուղարկուած հաշուետւութիւնները, ինչ որ նշան է թէ համակարգը կայունացուած է անվտանգութեան եւ թափանցիկութեան չափանիշերու համաձայն«

Հսկայ ներքին եւ միջազգային համագործակցութիւն

Ցեկոյցին մէջ կը կարդանք, որ աճած են ներքին համագործակցութեան գործունէութիւնը Սուրբ Աթոռի եւ այլ իրաւասու մարմիններու հետ, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութիւնը, ու ուժեղ վիճակի մէջ են կազմաւորումի փորձառութիւնները, յատկապէս արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները, որոնց շարքին Պունտէսպանքի եւ Իտալիոյ դրամատան հետ յարաբերութիւնները եւ լաւագոյն փոխանակումները։

Զեկոյցի մէջ կը հաղորդուի, թէ աճումի մէջ են փոխ ըմբռնման յուշագիրերը՝ ստորագրուած 2023 թուականին, 9 երկիրներուն հետ.  Ալճէրիան, Ազրպէտճեանը,Պահամասը, Քուրաքաօ, Լիբանան, Սենեկալ, Մաուրիցիուս Նէփալ եւ Զամպիա։

Զեկոյցէն կը տեղեկանանք, որ ֆինանսական վերահսկողութեան եւ տեղեկատւութեան մարմինը կը շարունակէ ներդրում ունենալ ոճրագործ, յանցաւոր գործունէութիւններէն ստացուած եկամուտներու վերականգման գործին մէջ, դառնալով զուտ եկամուտի կեդրոն, շնորհիւ նաեւ իր միջազգային գործընկերներուն հետ տեղեկատուութեան փոխանակման։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2024, 10:41