TOPSHOT-LEBANON-BLAST-ANNIVERSARY

Սկիզբ առաւ Կարդինալ Փարոլինի այցելութիւնը Լիբանան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին մեկնած է Լիբանան, ուր պիտի մնայ մինչեւ հինգշաբթի 27 Յունիս եւ պիտի հանդիպի տեղական իշխանութիւններուն ու եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հետ ու պիտի այցելէ Մալթայի Ասպետական Կարգի մարդասիրական գործունէութիւններու կառոյցները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Այսօր` 23 Յունիս 2024ին սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Լիբանան այցելութիւնը, որուն մասին խօսած էր անցեալ օրերուն նոյնինքն Կարդինալ Փարոլինը` Իտալիոյ Ծերակոյտի պալատին մէջ տեղի ունեցած «Խաղաղութեան ի սպաս բանակցութիւններ» ձեռնարկի առիթով։

«Լիբանանեան ճգնաժամը 360 աստիճանով ճգնաժամ է» ըսած էր Ան աւելցնելով, որ ինք այնտեղ պիտի մեկնի փորձելով նուազագոյն օգնութիւն մատուցել, այնպէս ինչպէս միշտ ալ ըրած է Սուրբ Աթոռը, որոնելու համար իշխանութեան հայող լուծումներ»։

Երկուշաբթի 24 Յունիսին, Պետական Քարտուղարը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ծիսական տօնին օրը, որ է նաեւ Մալթայի Ուխտին պաշտպան սուրբը, պատարագ պիտի մատուցէ ի ներկայութեան Լիբանանի մէջ Ուխտի դեսպան Maria Emerica Cortese-ի եւ Պետական այլ ներկայացուցիչներուն։

Ծիրանաւորին Լիբանանէն վերադարձը նախատեսուած է 27 Յունիսին, այցելելէ ետք շարք մը մարդասիրական կենտրոններ, որոնք ղեկավարուած են Մալթայի Ուխտի լիբանանեան ընկերակցութեան կողմէ։

«Մալթայի Ուխտը եօթանասուն տարիներէ ի վեր առաջնագիծի վրայ է բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւններ երաշխաւորելու համար» կը կարդանք այս առիթով Ուխտի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է, որ «2020էն ի վեր Ուխտը իր գործունէութիւնը կեդրոնացուց պարենա-մարդասիրական ծրագիրներու վրայ, երաշխաւորելու համար պարենային անվտանգութիւնը եւ խթանելու տնտեսութեան վերականգնումը, աջակցելու համար Լիբանանի բնակչութեան առաւել խոցելի հատուածներուն»

Ուխտը Լիբանանի մէջ կը մատակարարէ վեց Կեդրոններ, որոնք կ՛ընդգրկեն լիբանանեան հողատարածքին 69,26 առ հարիւրը, նպատակ ունենալով հասնիլ 75 առ հարիւրի։ Այս մէկը` որպէս միջոց արձագանգելու Երկրի լուրջ տնտեսական ճգնաժամին, ուր բնակչութեան 80 տոկոսը կ՛ապրի աղքատութեան և աճող անապահովութեան պայմաններու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2024, 15:05