ITALY-VATICAN-POPE-MASS

Հռոմի Եպիսկոպոսը՝ միութեան սպասաւոր

Ներկայացուեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան փաստաթուղթը, որ կ’ամփոփէ Սրբազան Քահանայապետի դերի եւ Պետրոսեան գերագահութեան գործադրումի շուրջ համամիութենական երկխօսութիւնները
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 13 Յունիս 2024ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակէն ներս ներկայացուեցաւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան «Հռոմի Եպիսկոպոսը. Գերագահութիւնը եւ սիւնհոդոսականութիւնը համամիութենական երկխօսութիւններու եւ “Ut unum sint” յորդորագիրի պատասխաններու մէջ» բնաբանով փաստաթուղթը։

Ելոյթներ ունեցան ի միջի այլոց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխը, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէքը, Հռոմի Անկլիքան կեդրոնի տնօրէն եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Քենթերպուրիի առաջնորդի ներկայացուցիչ Վերապատուելի Եարն էրնէսը, Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։

«Հռոմի եպիսկոպոսը» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հաւանութեամբ հրատարակուած ուսումնասիրական փաստաթուղթ մըն է, ուր՝ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ կատարած քայլերու հետքերով, առաջին անգամ կ’ամփոփուին «Ut unum sint» յորդորագիրի պատասխանները եւ գերագահութեան եւ սիւնհոդոսականութեան վերաբերեալ համամիութենական երկխօսութիւնները։

Նպատակն է փնտռել Պետրոսեան առաջնութեան պաշտօնավարումի ձեւ մը, որ կիսելի ըլլայ միւս Եկեղեցիներուն կողմէ։ Թէեւ, ոչ բոլոր աստուածաբանական երկխօսութիւնները անդրադարձած են նիւթին` «նոյն մակարդակով կամ նոյն խորութեամբ», կարելի է այդուհանդերձ նկատել աստուածաբանական ամէնէ վիճայարոյց հարցերու շուրջ որոշ «նոր մօտեցումներ»։

Գերագահութեան ծագումը

Վիճայարոյց հարց է Հռոմի Եպիսկոպոսի գերագահութեան՝ որպէս աստուածային օրէնքի հաստատութիւն, կաթողիկէ ըմբռնումը։ Միւս քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը այդ մէկը կը հասկնայ, որպէս միայն մարդկային իրաւունքի հաստատութիւն: «Մեկնաբանական պարզաբանումները նպաստած են այս աւանդական երկճիւղումը դնել նոր հեռանկարի մէջ», Պետրոսեան առաջնութիւնը դիտելով ըլլայ որպէս աստուածային, ըլլայ մարդկային իրաւունք։

Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը

Էական խոչընդոտ կը հանդիսանան Վատիկանի Տիեզերական Ա Ժողովի դաւանաբանական սահմանումները, սակայն որոշ համամիութենական երկխօսութիւններ արձանագրած են «խոստումնալից առաջընթաց» այն «վեր ընթերցելու» գործին մէջ՝ Բ Ժողովի պատմական միջավայրի եւ ուսմունքներու տեսանկիւնէն:

Մէկ գերատեսչութիւն՝ հաշտուած Եկեղեցւոյ համար

Շատ աստուածաբանական երկխօսութիւններ ընդունած են «ընդհանրական մակարդակի վրայ գերագահութեան անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով առաքելական աւանդութեան, որոշ երկխօսութիւններ կը պնդեն, որ Եկեղեցւոյ սկզբնաւորումէն ի վեր քրիստոնէութիւնը հիմնուած է առաքելական հիմնական աթոռներու վրայ՝ որոշակի կարգով, որոնցմէ առաջինը Հռոմի աթոռն էր»:

«Երկխօսութեան գործընկերներուն մարտահրաւէր նետուած է խուսափիլ վարդապետութեան յետագայ զարգացումներու ժամանակավրէպ կանխատեսումներէն եւ վերանայիլ Պետրոսի դերը առաքեալներուն մէջ»։

Գերագահութիւն եւ սիւնհոդոսականութիւն

Առանձնացուած են որոշ սկզբունքներ՝ 21րդ դարի մէջ գերագահութեան գործադրումի համար։ Հրաւէրը ուղղուած է ապակեդրոնացմանը՝ ոգեշնչուած հնագոյն քահանայապետական​​եկեղեցիներու ձեւաչափով: Որոշ երկխօսութիւններ ընդգծած են, որ Եկեղեցւոյ կեանքի իւրաքանչիւր մակարդակի վրայ գերագահութեան եւ սիւնհոդոսականութեան միջեւ կայ փոխ կախուածութիւն, հետեւաբար եւ, անհրաժեշտութիւն՝ գերագահութեան սինոտալ իրականացման համար:

«Որեւէ խնդիր, որ չլուծուիր ցած մակարդակի վրայ պէտք չէ տանիլ աւելի բարձր մակարդակ»․որոշ երկխօսութիւններ կը կիրառեն այս սկզբունքը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ «բազմազանութեան մէջ միասնութեան» ընդունելի ձեւաչափ սահմանելու համար:

Գործնական խորհուրդներ

Փաստաթուղթը կ’եզրափակուի խորհուրդներով։

Առաջինը կը հայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ Վատիկանեան Տիեզերական Ա Ժողովին ուսմունքներու նոր մեկնաբանութեան: Կ’առաջարկուի նաեւ աւելի յստակ տարբերակել Հռոմի Եպիսկոպոսի տարբեր պարտականութիւնները՝ «մասնաւորապէս Արեւմտեան Եկեղեցւոյ մէջ Անոր պատրիարքական ծառայութեան եւ Եկեղեցիներու հաղորդութեան մէջ` միութեան առաջնութեան միջեւ»:

Երկրորդ՝ յոյս կը յայտնուի, աւելի մեծ շեշտադրում կատարել Սրբազան Քահանայապետի ծառայութեան՝ իր Եկեղեցիէն ներս, այսինքն՝ Հռոմի թեմին մէջ:

Երրորդ՝ յանձնարարութիւնը կը վերաբերի Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս սիւնհոդոսականութեան զարգացմանը։

Ի վերջոյ, կ’առաջարկուի խթանել «հաշտութեան հաղորդութիւնը» համաշխարհային մակարդակով Եկեղեցիներու առաջնորդներու կանոնաւոր հանդիպումներու միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2024, 11:30